2014-ի Մոնտիալ. Սապորիօ Պիտի Չմեկնի Պրազիլ
Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ ստացաւ մեծ հարուած մը, երբ յայտարարուեցաւ, որ խումբին կարեւոր յառաջապահներէն Ալվարօ Սապորիօ պիտի չկարենայ մեկնիլ Պրազիլ` իր մասնակցութիւնը բերելու 2014-ի Մոնտիալին:
Մարզիչ Ժորժ Լուիս Փինթօ յայտարարեց, որ Սապորիօ ծանրօրէն վիրաւորեց իր ծունկը, երբ փորձեր կը կատարէր իր խմբակիցներուն հետ:
32 տարեկան Սապորիօ 93 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 32 կոլ` Քոսթա Ռիքայի հետ:
Դ. խմբակին մաս կազմող Քոսթա Ռիքայի մրցակիցներն են Անգլիա, Իտալիա եւ Ուրուկուէյ:
Քոսթա Ռիքա ունի այլ կարեւոր բացակայ մըն ալ` Պրայըն Օվիետոն:
CATEGORIES Մարզական

