Ռոնալտօ Վիրաւորուեցաւ

3005ronaldoԻր լուրը քաղելով goal.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ երէկ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ազգային խումբի իր խմբակիցներուն հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, մինչ անոնք կը պատրաստուէին Յունաստանի դէմ տեղի ունենալիք վաղուան մրցումին:

Ըստ աղբիւրին, այնպէս կը թուի, որ Ռոնալտօ կրնայ բացակայիլ 2014-ի Մոնտիալի բացման մրցումէն (եթէ ոչ երկու մրցումէ):

Է. խմբակին մաս կազմող Փորթուգալ Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան, Ղանան եւ Միացեալ Նահանգները:

Share this Article
CATEGORIES