2019-ի Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պիտի Առաջադրեն Իրենց Թեկնածութիւնը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իրենց թեկնածութիւնը պիտի ներկայացնեն Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` հիւրընկալելու համար 2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը:
Կը կարծուի, որ սուր մրցակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ անոնց եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
11 երկիրներ, որոնց կարգին` Չինաստան, Պահրէյն եւ Քուէյթ, կ՛ուզեն ամէն գնով իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յաջողցնել:
2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին անունը պիտի յայտարարուի այս տարեվերջին` Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

