Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Ծիրին Մէջ. Համազգայինը Եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Min-Hakobyan-_-Papazian29 մայիսին սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 15 երկիրներէն ժամանած 80 պատուիրակներ: Ժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, այլ պաշտօնակատարներ, յայտնի արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Համազգային» հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան: Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի հիմնադրման 80- ամեակին նուիրուած տեսերիզ:

Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատգամաւորական ժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով հայրենիքի մէջ գումարելու գաղափարը ինքնանպատակ չէ: Նախարարը ընդգծեց, որ Համազգայինը, հաստատուելով հայրենիքի մէջ, իր ներկայութեամբ նոր մշակոյթ ձեւաւորեց հայրենիք-սփիւռք կապերու սերտացման գործին մէջ` նոր որակներ ու երանգներ բերելով ազգային մշակութային քաղաքականութեան մէջ: Նախարար Յակոբեան շեշտեց, որ Համազգայինը միշտ ալ հզօր զէնք եղած է սփիւռքի մէջ հայ ինքնութիւնը պահպանելու, հայ մշակոյթը տարածելու եւ քարոզելու գործին մէջ: Նախարարը իր ելոյթը աւարտեց Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով. «Միասնութիւն` գլխաւորում, ազատութիւն` երկրորդականում, սէր` ամէն ինչում»:

Նախարար Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով պարգեւատրեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

Սփիւռքի նախարարը եւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան ստորագրեցին Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան մարզին մէջ գիտական, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման եւ զարգացման ուղղուած համագործակցութեան յուշագիր:

 

Share this Article
CATEGORIES