Անդրադարձ. Սեղանը Շրջող Հրաւէր Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախաձեռնողական քայլով մը Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրեց 24 ապրիլ 2015-ին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ: Հրաւէրը, հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին յղուելով յաւելեալ նշանակութիւն եւ կշիռ ստացաւ: Թուրքիոյ ուղղուած այս հրաւէրը նաեւ շօշափելի քայլի դիմելու հրաւէր մըն է: Թրքական կողմը հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման հարցին մէջ միայն յայտարարութիւններ կը կատարէ, ուստի անհրաժեշտ էր Անգարայի եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան յանձնել, որ «խօսքով ապուր չ՛եփիր»:
Այս մարտահրաւէրը թրքական կողմին համար անսպասելի էր, եւ այդ է պատճառը, որ մինչեւ այս պահը անճրկած եւ լուռ կը մնայ: Անգարա հաւանաբար չաճապարէ եւ իր պատասխանը յետաձգէ մինչեւ օգոստոս` Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւն` պատրուակելով, որ հրաւէրը ուղղուած է 2 ամիս ետք ընտրուելիք նախագահին, եւ ան է, որ պէտք է հրաւէրին պատասխանէ: Մինչ այդ, հայկական կողմը պէտք է ամէն պատեհ առիթի այս հրաւէրին ակնարկէ: Այդ ընթացքը պէտք է շարունակել նաեւ թրքական կողմի հաւանական մերժումէն ետք, որովհետեւ այս հրաւէրը քարոզչական գետնի վրայ կը հակակշռէ թրքական կողմէն շարունակ հնչող այն պատմութիւնը, թէ իրենք նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հրաւէր ուղղած էին արխիւները բանալու եւ պատմութեան միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելով ցեղասպանութեան հարցին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն հայկական կողմը մինչեւ այսօր կը մերժէ հրաւէրը: Անոնք այդ ձեւով կը փորձեն միջազգային հանրութեան ներկայանալ իբրեւ կառուցողական կեցուածքի եւ բարի կամքի տէր: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան կամ նախագահափոխութեան պարագային` պէտք է միջազգային ընտանիքին շարունակ յիշեցնել, որ մենք Թուրքիոյ նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման օրուան նման զգայուն օր մը Ծիծեռնակաբերդ հրաւիրելով բարի կամեցողութիւն ցոյց տուինք, սակայն թուրքերը մերժեցին, իսկ մեր հրաւէրը կը շարունակէ սեղանին վրայ մնալ:
Սեղանը շրջուած է եւ այժմ մեր կարգն է նոյն յանկերգը ամէն առիթի երգելով թրքական իշխանութիւնները ձանձրացնելու:

