Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Տօնակատարութիւններէն Ետք` . Մայիսեան Յաղթանակներու Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Անթիլիասի Մէջ

3005paradonՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Նիկոլ Աղբալեան», «Հրայր Մարուխեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:20-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մարզադաշտին մէջ ժողովրդային տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձը:

Մայիսեան հպարտութեան եւ յաղթութեան մթնոլորտին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը եւ մասնաճիւղին սկաուտները Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն տողանցեցին մինչեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիր:

Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ եւ զոյգ երկիրներու դրօշներուն բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

Սագօ Գասապեան

Սագօ Գասապեան

«Նիկոլ Աղբալեան», «Հրայր Մարուխեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Սագօ Գասապեան, որ ըսաւ, թէ հայրենիքէն հեռու, սակայն մի՛շտ հայրենիքի պաշտպան այս հաւաքականութիւնը, եկած է անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ վճռած է յաղթել եւ գոյատեւել:

«Մենք` իբրեւ ժառանգորդ սերունդ այս կտակին, կ՛ըմբռնենք զայն պահպանելու կարեւորութիւնը, եւ անտեսելով երկրէն հեռու ըլլալու եւ պայմաններու բերումով ա՛յլ երկիրներու քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը, կը գիտակցինք, թէ 1918-ի նման պայմանները օրհասական են այսօր, փոխուած եւ այլ ձեւեր ստացած են հայ ժողովուրդը ծունկի բերելու մեթոտները եւ ասկէ մեկնած, տիպար հայու եւ տիպար դաշնակցականի բնածին յատկութեամբ, կառչած կը մնանք մեր ծրագիրի իրականացման` կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը», ըսաւ ան: Բացման խօսքէն ետք դարձեալ դրօշակի արարողութեամբ դրօշակը վար առնուեցաւ:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն պատանիներուն կողմէ ներկայացուեցաւ Քոնկ Ֆուի ցուցադրութիւն:

Իսկ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղէն կիթառահարներ Հրաչ Ճինպաշեան, Հրակ Գարամինասեան եւ Նժդեհ Քեթենճեան ելոյթ ունեցան «Զինուորի երգ»-ը, «Սարերի քամի» եւ «Զարթի՛ր որդեակ» երգերով:

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը:

Արմէն Թաշճեան

Արմէն Թաշճեան

Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Թաշճեան, որ ամբողջական կերպով ներկայացուց Մայիս 28-ի յաղթական թուականին նախօրեակին տիրող պայմանները, ինչպէս նաեւ ճակատամարտներուն ընթացքին արձանագրուած յաղթանակները, որոնք առաջնորդեցին Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտումին:

«Մայիս 28-ը հայոց պատմութեան փաստացի շրջադարձը կը մնայ. պատմութեան մէջ անոր վերապահուեցաւ յեղափոխիչ դեր, երբ ան հայութեան ստոյգ մահը կեանքի վերածեց, անկումը` վերելքի: «Այսպէս կոչուած «Արարատեան Հանրապետութիւնը» վերածուեցաւ համա՜յն հայութեան պետութեան. իսկ ամէնէն կարեւորը` պետութիւնը տիրութիւն ըրաւ իր ազգային դատին եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ անոր յաղթական ելքին», ըսաւ Ա. Թաշճեան:

Անաստաս Միկոյեանի արձանը մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղադրելու մասին Ա. Թաշճեան ըսաւ, որ ապազգային եւ ոճրագործ տիպարի մը արձանին տեղադրումը ամօթ է մեր ազգային արժանապատուութեան համար:

Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Վիգէն Տիշչեքենեան, Կարօ Կապուտակեան, Սագօ Թաշճեան, Գարմէն Աճեմեան եւ Գրիգոր Արոյեան` ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի եւ Վահէ Սիմոնեանի:

3005paradon3Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով` կատարողութեամբ փառատօնին մասնակից երգիչներուն եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» պատանեկան միութիւններու պատանիներուն:

Նշենք, որ տօնախմբութեան մասնակցող հայորդիներուն բաժնուեցաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յատուկ հրատարակութիւնը, Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշները եւ Եռագոյն փուչիկներ, ինչպէս նաեւ «Նիկոլ Աղբալեան», «Հրայր Մարուխեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններուն կողմէ պատրաստուած Մայիս 28-ի յատուկ սթիքըրներ:

Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES