Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Կը Քննադատէ Ազրպէյճանը
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը քննադատած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնը` Ընտրութիւններու մշտադիտարկման եւ ժողովրդավարութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Անար Մամետլիի, կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Պաշիր Սուլէյմանլըի եւ գործընկեր կազմակերպութեան ղեկավար Էլնուր Մամետովի դատավճիռներուն համար:
«Այդ ձերբակալութիւնները լուրջ ճնշումներ են Ազրպէյճանի ժողովրդավարական զարգացման համար: Ըլլալով Ազրպէյճանի հիմնական գործընկերը` մենք կը հաւատանք, որ երկրին կայունութեան եւ զարգացման համար ամէնէն կարեւոր քայլը բաց հասարակութեան ստեղծումն է», ըսուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
27 մայիսին Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Անար Մամետլին դատապարտած էր 5.5 տարուան եւ Պաշիր Սուլէյմանլըն` 3.5 տարուան բանտարկութեան, իսկ Էլնուր Մամետովը` նոյնքան ժամկէտով պայմանական ազատազրկման:
Անոնք մեղաւոր նկատուած են հարկերէ խուսափելու, ելեւմտական միջոցներ իւրացնելու, լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ այլ մեղադրանքներով:

