Աբխազիոյ Նախագահը Կը Մերժէ Հեռանալ Պաշտօնէն

Ալեքսանտր Անքվապ

Ալեքսանտր Անքվապ

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանտր Անքվապ յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր ինքնակամ հրաժարական տալու` աւելցնելով, որ երկրի վարչապետ Լէոնիտ Լաքերպան եւս պաշտօնանկ ընելու մտադրութիւն չունի:

Աբխազիոյ ընդդիմութիւնը իր կարգին տեղեկացուցած է, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծելու: Անիկա պիտի գործէ մինչեւ նախագահական ընտրութիւնները, որոնք Անքվապի հրաժարականին պարագային, հաւանաբար կայանան երեք ամիս ետք:

Յայտնի է, որ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին մէջ ներառուած են 21 մարդիկ, որոնք ներկայիս կը բանակցին իշխանութիւններուն հետ:

Մէկ օր առաջ Աբխազիոյ խորհրդարանը առաջարկած է Անքվապին հրաժարական տալ, իսկ օրէնսդիրները անվստահութիւն յայտնած էին վարչապետին:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 27 մայիսին Սուխումիի մէջ տեղի ունեցած էր բազմամարդ հանրահաւաք մը, որ վերածուած էր անկարգութիւններու. ընդդիմադիրները գրաւած էին նախագահի նստավայրն ու պետական պատկերասփիւռի կայանը:

Gazeta.ru կը գրէ, որ վարչապետ Լաքերպայա նշած է իր հրաժարականի պայմանը: Ան «պիտի զիջի վարչապետի աթոռը ընդդիմադիրներուն», եթէ տեսնէ, որ անոնք ունակ են ոչ միայն քննադատութեան, այլ նաեւ արդիւնաւէտ աշխատանքի:

«Դուն միայն մի՛ քննադատեր, դուն ըսէ` ինչպէ՛ս պէտք է: Եթէ ես տեսնեմ, որ ամէն ինչ լաւ է, դուն կը կարենաս, ես լուռ պիտի երթամ: Եթէ տեսնեմ, որ մարդը խելացի է եւ ճիշդ տեղը», յայտարարած է Լաքերպայա:

 

Share this Article
CATEGORIES