Տաւութօղլուի Բացատրութիւնները` Հայկական Պնդումները Դիմագրաւելու Առնչութեամբ
«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ Պոլսոյ անկախ երեսփոխան Իհսան Պարութճուի գրաւոր հարցումին պատասխանելով բացատրած է, որ իր ղեկավարած նախարարութեան պաշտօնեաներուն մօտ ինչպիսի՛ աշխատանք կը կատարուի «1915-ի դէպքերուն առնչակից հայկական պնդումներուն դէմ»:
Տաւութօղլու դիտել տուած է, որ այդ կապակցութեամբ շարունակ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը տրուին նախարարութեան պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ այլ մարմիններու շահագրգիռ անդամներուն: Այս տեղեկութիւնները կը տրուին արտաքին գործոց նախարարութեան շրջագիծին մէջ գործող Դիւանագիտական ակադեմիային միջնորդութեամբ: Նախարարութիւնը շատ մօտէն կը հետեւի նաեւ գործունէութեանը «պետական յանձնաժողովին», որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տակ 2011-ին հիմնուեցաւ եւ որ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ամէնուրեք տարածելու նպատակով:
Տաւութօղլու դիտել տուած է, որ այս նպատակով կարիքը կայ ռազմավարութեան մը, որ դիւանագիտական մարզէն մինչեւ իրաւական մարզ, ժողովրդական դիւանագիտութենէն մինչեւ ակադեմական դիւանագիտութիւն, թրքական սփիւռքն ալ ներառեալ, պիտի գործադրուի ներդաշնակ ու համընթաց աշխատանքով:
Տաւութօղլու յիշեցուցած է, որ զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութեան բանաձեւերը պարտաւորիչ հանգամանք չունին Թուրքիոյ համար, բայց եւ այնպէս` նախարարութիւնը ամէն աշխատանք կը տանի այս ճանաչումները կանխարգիլելու համար: Նախարարը յիշեցուցած է նաեւ, որ վարչապետ Էրտողանի 23 ապրիլի ցաւակցական պատգամը եւս նոյն ռազմավարութիւնը կը ցոլացնէ: «Այս պատգամը, փոխանակ պատմութենէն թշնամութիւն ձեռք բերելու, զգացումները իրարու հետ բաժնելու եւ մարդասիրական կեցուածք ցուցաբերելու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր եւ կը ցոլացնէր ուրիշին տառապանքը մորթին վրայ զգալու հրամայականը: Բայց եւ այնպէս վարչապետ Էրտողան նոյն պատգամին մէջ վերանորոգած էր պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմելու Թուրքիոյ առաջարկը», ընդգծած է Տաւութօղլու:
Տաւութօղլու վերջապէս ըսած է, որ 1915-ի պատահարներուն մասին ամբողջ աշխարհին կողմէ ընդունուած տեսութիւն մը չկայ եւ միջազգային ոչ մէկ դատարան մինչեւ այսօր 1915-ը որակած է ցեղասպանութիւն:

