Սիսի. «Եգիպտոս Ետդարձ Պիտի Չկատարէ»
Զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան մէջ իր արձանագրած մեծ յաղթանակէն ետք կատարած իր առաջին յայտարարութեան մէջ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց. «Եգիպտոս ետդարձ պիտի չկատարէ»:
Ան ըսաւ, որ իր ձեռքը կ՛երկարէ բոլորին` տագնապներէն եւ տարակարծութիւններէն անկախ, ինչպէս նաեւ մտադիր է յառաջիկայ հանգրուանին «երիտասարդները հանդարտեցնելու եւ ներգրաւելու»` աւելցնելով, որ ինք բոլոր եգիպտացիները բաւարարող ազգային իսկական ընկերակցութեան կը ձգտի:
Ըստ ոչ պաշտօնական արդիւնքներու, Սիսի ապահոված է քուէներուն 92.3 առ հարիւրը, իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնը 47 առ հարիւր էր:
CATEGORIES Միջազգային

