Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճէյմս Ճէյմսի: Քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց 10 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին Լիբանան մուտք գործել:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետ Նատեր Ղազալ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ շուրջ 150 քկ նեխած մսեղէն գրաւուած է:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, թէ ժամանակն է արդէն, որ միջքրիստոնէական համաձայնութիւն մը գոյանայ նախագահական համախոհական թեկնածուի մը շուրջ եւ անոր անունը առաջարկուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ հաւանական է Հըզպալլայի կողմէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ յարաբերութեան խզումը` նկատի ունենալով վերջինիս Իսրայէլ կատարած այցելութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան պարզած իրավիճակը վարկաբեկած է սուրիական վարչակարգը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիները կամովին ուղղուած են դեսպանատուն եւ մասնակցած նախագահական ընտրութեան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներկայիս Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան համար տիրող տարազն է` «Աուն կամ ոչ ոք»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, այժմու տուեալներով անկարելի է մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ քրիստոնեաները կը խանգարեն Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական վարչակարգը եւ կ՛անճիտեն վարչակարգը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան եւ ֆրանսական իշխանութիւնները փորձած են համոզել հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը` անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին գծով, սակայն ան մերժած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին` առանց շօշափելի արդիւնքներու յանգելու:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են պետական քննութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու առումով` մաղթելով, որ աշակերտները կեդրոնանան իրենց դասերուն վրայ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար, դատաւոր Ալիս Շապթինի կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին փակելու գաղթականներու յատուկ սնտուկը` աւարտելով Լեռնալիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք հաշտութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ Ս. հողերէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի եւ պաղեստինեան պետութիւն մը կերտելու իրաւունքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ազգային կարիք է եւ անհրաժեշտութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրած են` կազմակերպելու համար սուրիացիներուն խուռներամ մասնակցութիւնը սուրիական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ լիբանանցիներուն կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` առանց արտաքին միջամտութիւններու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ համաձայն գտնուեցան այցելելու Ռապիէ եւ հանդիպում մը ունենալու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ` հանրապետութեան նոր նախագահին ինքնութեան մասին համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պասեմ Շապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն քուէարկութեան պատկերը տխրութիւն կ՛առթէ, որովհետեւ անոնք կ՛ընտրեն անոր, որ իրենց գաղթական ըլլալուն պատճառ դարձաւ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու ազգային կամք չունին եւ այդ պատճառով ալ խոչընդոտած են նախագահական ընտրութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականները, որոնք մերժեցին նախագահական ընտրութեան մասնակցիլ` խիստ սպառնալիքներու ենթարկուեցան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պոյքոթի պիտի չենթարկեն կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան մասնակցելու համար արձանագրուած իրարանցումը պարզապէս նմուշ մըն է այն իրականութենէն, որուն մասին նախապէս զգուշացուցած էին իրենք:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալետ Քապպանի յայտնեց, որ նախագահական աթոռը երկար ատեն թափուր պէտք չէ պահել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի Սուրիոյ դեսպանատան դիմաց պարզուած տեսարանը որակեց Լիբանանի վրայ բանեցուած քաղաքացիական բռնագրաւում:

