Թրիփոլիի Թաքուա Մզկիթը Վերաբացուած Է

3005Taqwa MosqueԹրիփոլիի մէջ երէկ Թաքուա մզկիթը վերաբացուեցաւ` 2013-ի օգոստոսին անոր դէմ գործուած պայթումէն ետք:

Այս առիթով Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Թրիփոլին սուրիական վարչակարգին կողմէ բռնագրաւուած էր` աւելցնելով, որ իրենք սուրիական ահաբեկչութեան զոհերն են եւ ոչ թէ ահաբեկիչներ:

Ան դիտել տուաւ, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ զիրենք կը նկարագրեն իբրեւ ահաբեկիչներ:

Շէյխ Ռաֆիյի նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ բռնատէր մըն է եւ ոճրագործ մը, նոյնիսկ եթէ անոր ի նպաստ հարիւր հազարաւորներ քուէարկեն:

Share this Article
CATEGORIES