Զօր. Աուն – Հասան Եաագուպ Հանդիպում

1386594418_Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Եաագուպ յայտնեց, թէ զօր. Աուն միակն է, որ կը մերժէ շրջանին մէջ Քիսինճըրի ծրագիրին` քրիստոնեաները Արեւելքէն պարպելու ծրագիրին գործադրութիւնը:

Եաագուպ նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կրնայ ինքզինք չէզոքացնել իր դրացիներէն եւ պաշտպանել իր սահմանները:

Ան նշեց նաեւ, որ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ Լիբանանի ու շրջանին վրայ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան:

Share this Article
CATEGORIES