ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահի Ընտրութիւն Կատարելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը, մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` գործակցելու միջազգային ընտանիքին հետ, եւ ընդգծեց թիւ 1701 բանաձեւին եւ չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES