Վարչապետ Սալամ Քննարկեց Պետական Քննութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Պու Սաապ եւ վարչապետ Սալամ

Պու Սաապ եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց պետական քննութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի պետական քննութիւնները կախեալ են ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն համար տրուելիք աշխատավարձի յաւելումներէն:

Պու Սաապ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարը:

Ան ըսաւ, որ ինք եւ վարչապետը համաձայն են, որ ամէն ջանք ի գործ դրուի` վաւերացնելու համար աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լուծելու Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն հարցը:

«Վարչապետը համաձայն գտնուեցաւ ներկայացուցած ծրագիրներուս եւ խոստացաւ կառավարութեան առաջին նիստին իսկ վաւերացնել զանոնք», ըսաւ ան:

Պու Սաապ մաղթեց, որ մինչեւ 7 յունիս կարելի ըլլայ լուծել աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը, որպէսզի պետական քննութիւններուն արձանագրուած 18 հազար աշակերտները զոհ չերթան այս հարցին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի այցելեցին ներքին գործոց նախարարներ Նուհատ Մաշնուք եւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի:

Թամմամ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանան ժամանած Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորճ Պրենտէ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետական մարզը 6 յունիս 2014-էն սկսեալ բաց գործադուլի պիտի սկսի, ինչպէս նաեւ պոյքոթի պիտի ենթարկէ պետական քննութիւնները:

Խորհուրդը շեշտեց, որ երեսփոխանները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը, այլապէս պետական մարզին աշխատանքը պիտի սառի, իսկ պետական քննութիւնները պոյքոթի պիտի ենթարկուին:

Խորհուրդը ուսուցիչներէն պահանջեց երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ իրենց կեդրոններուն մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ նստացոյց կատարել, իսկ ուրբաթ, 6 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, կրթութեան նախարարութեան դիմաց նստացոյց մը կատարել:

Լիբանանի ուսուցիչներու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Ժարատի յայտնեց, որ սեփական մարզի դպրոցներուն ուսուցիչները Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բաղկացնող հիմնական տարրեր են եւ կը զօրակցին այդ խորհուրդին պահանջներուն:

Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք անշեղ պիտի մնան իրենց կեցուածքէն, մինչեւ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES