Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Քերրիի Հետ
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Քերրի շնորհաւորեց Սլէյմանը երկրին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Քերրի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ «Պաապտայի յայտարարութեան», որ երկրին ապագայ ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
Քերրի շեշտեց հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը գործակցին լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն, պատասխանատուներուն եւ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն հետ:
Նախագահ Սլէյման Ճոն Քերրիին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեան համար:

