Կառավարութեան Գործունէութեան Համար Հիմքը Համախոհութիւնը Պիտի Ըլլայ

3005MCԿառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ` վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան:

Նախագահական դատարկութեան շրջանին, կառավարութիւնը իր առաջին նիստին ընթացքին քննարկեց 25 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ կառավարութեան աշխատելաոճը եւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իր կազմած կառավարութիւնը ազգային շահերու կառավարութիւն է` ընդգծելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին համար անոր իսկական մտահոգութիւնը եւ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութեան կազմակերպումը:

«Նոյնիսկ եթէ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակին չէ կատարուած, զայն պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային կատարել», ըսաւ Սալամ:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ սահմանադրութեան 62-րդ յօդուածին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները կրնայ ստանձնել նախարարաց խորհուրդը, երբ նախագահական դատարկութիւն ըլլայ երկրին մէջ:

«Մեր նպատակն է, որ կառավարութիւնը միասնականութեամբ գործակցի եւ դրական մթնոլորտի մէջ գործէ», ըսաւ ան:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայացուց կառավարութեան որոշումները եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը դրաւ իր գործունէութեան լայն գիծերը եւ հաստատեց, որ համախոհութիւնը պիտի ըլլայ այդ գործունէութեան հիմքը:

Կառավարութիւնը վարչապետ Սալամի հրաւէրով իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ չորեքշաբթի, 4 յունիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, շարունակելու համար հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները իր կողմէ գործադրելու վերաբերեալ միջոցառումներու որդեգրման քննարկումը:

Share this Article
CATEGORIES