Լոպիական Աշխատանքներու Համար Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան Որքա՞ն Գումար Կը Ծախսեն Ամերիկայի Մէջ

3005Lobbying«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Ինֆլուընս Էքսփլորըր» կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպիական կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու գործունէութեամբ, պատրաստած է տարեկան տեղեկագիր մը: Ցանկին մէջ նշուած են անունները այն երկիրներուն, որոնք մեծագոյն գումարները կը ծախսեն այդ ուղղութեամբ:

Թուրքիա Ամերիկայի մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար 2013-ին ծախսած է մէկ միլիոն 842 հազար տոլար, Ազրպէյճան` 2 միլիոն 298 հազար տոլար, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` 153 հազար 241 տոլար: Ցանկին մէջ Թուրքիան կը գրաւէ 13-րդ տեղը, Ազրպէյճան` 10-րդ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը` 53-րդը:

Տարեկան հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին, որպէսզի ամերիկեան վարչակազմը կամ Քոնկրեսը պատուիրատու երկրի մը, առեւտրական հաստատութեան մը կամ կազմակերպութեան մը ի նպաստ դիրքորոշում ունենայ:

Թրքական «Փոսթա-212» թերթը գրած է, որ Ամերիկայի մէջ թրքական լոպիի գլխաւոր թիրախը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը խոչընդոտելն է:

Ըստ տեղեկագիրին, 2014-ին Թուրքիոյ կառավարութեան շահերը Ուաշինկթընի մէջ ներկայացուցած են երկու կազմակերպութիւններ: Նկատի ունենալով, որ 2015-ին պիտի նշուի ցեղասպանութեան 100-ամեակը, կ՛ակնկալուի, որ Անգարա յաւելեալ մեծ գումարներ ծախսէ թրքական շահերուն սպասարկող լոպիական աշխատանքներու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES