Լուիզիանա Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Հակահայ Բռնարարքները

3005Louisiana-State-SenateԱրեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Լուիզիանայի նահանգային Ծերակոյտը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ 1988-1990 Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ գործուած հակահայ բռնարարքները` Սումկայիթի, Պաքուի, Մարկարայի եւ Կիրովապատի մէջ, միաժամանակ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն, որ յանցագործները պատժելու նպատակով ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի իշխանութեանց վրայ:

Բանաձեւը ներկայացուած է ծերակուտական Էտուըն Մըրիի կողմէ, որ անցեալ տարի եւս ներկայացուցած էր Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւը:

Այս տարուան բանաձեւի պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են Ամերիկայի հայկական խորհուրդի Լուիզիանայի մասնաճիւղի ատենապետ Վազգէն Քալթաքճեան, Ծերակոյտի քարտուղար Կլեն Քոեփ, դատախազ Ճան Սիակօ եւ Լուիզիանայի հայութեան ներկայացուցիչներ:

Share this Article
CATEGORIES