Ռուստամեան. «Ոչինչ Կրնայ Մեզ Ստիպել Հրաժարիլ Մեր Մեծագոյն Ձեռքբերումէն»
«Այսօր արդէն ժամանակն է, որ մեր անվտանգութեան համակարգը բազմազան դառնայ: Այս պարագային մեր անկախութիւնը աւելի երաշխաւորուած պիտի ըլլայ», Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշեց, որ այսօր կարելի էր մեծ այլընտրանք ունենալ, բայց Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը պայմանաւորուած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններով:
Ռուստամեան Հայաստանի անկախութեան, պետականութեան կորուստի վտանգ չի տեսներ: «Ընդհակառակն` այսօր մենք կը նշենք մեր անկախութեան օրը, որ ձեռք բերած ենք 96 տարի առաջ: Մեր իսկական անկախութեան սկիզբը այդ տարեթիւէն պէտք է հաշուենք, որովհետեւ ատիկա ձեռք բերուեցաւ ճակատամարտով, արեան գնով, մեր ժողովուրդի համախմբումին շնորհիւ: Մենք այնքան սուղ վճարած ենք այդ անկախութեան համար, որ ոչ մէկ բան կրնայ մեզ ստիպել հրաժարիլ այդ մեծագոյն ձեռքբերումէն: Միշտ ալ ճամբուն վրայ դժուարութիւններ կան եւ պիտի ըլլան, քանի որ կ՛ապրինք շրջանի մը մէջ, որ լի է հակասութիւններով, տագնապներով, հակադրութիւններով: Մենք անոր վարժուած ենք: Մենք միշտ կը կարենանք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Կը կարծեմ, որ եթէ 96 տարի կրցած ենք պահել մեր անկախութիւնը, արդէն ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի»:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանին ռուսական զրահապատներու վաճառքին շուրջ մտահոգութիւններուն` Ռուստամեան յայտնեց, որ Ռուսիա իր շահերը ունի եւ չի կրնար միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կարգաւորել:

