Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Նախագահ Սարգսեանի Ուղղածը Մարտահրաւէր Է Եւ Ոչ Թէ Հրաւէր

Կիրօ Մանոյեան
Պաշտօնական Անգարան չարձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի օրը Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղած հրաւէրին:
Թրքական մամուլը ընդհանուր կերպով տարածեց Սարգսեանի ելոյթէն հատուածներ, սակայն ոեւէ թուրք պաշտօնակատար չմեկնաբանեց ելոյթը եւ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու փաստը:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով հրաւէրին եւ անոր շուրջ եղած արձագանգին, «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը Թուրքիոյ կողմէ հաւանաբար այդպէս ալ անարձագանգ մնայ: «Չեմ զարմանար, եթէ Թուրքիա ընդհանրապէս անտեսէ այս հրաւէրը, այնպէս, ինչպէս անտեսած էր 2005 թուականի Հայաստանի այն ժամանակուան նախագահին պատասխանը` պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու իրենց առաջարկին: Թուրքերը անկէ ետք երեք տարի անընդհատ կ՛ըսէին, որ Հայաստան մեր առաջարկին չպատասխանեց, մինչդեռ իրականութեան մէջ Հայաստան պատասխանած էր, բայց իրենց ուզած պատասխանը չէր: Հիմա ալ կրնան անտեսել այս հրաւէրը, քանի որ ատիկա իրենց սրտով չէ», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:
Խօսելով Թուրքիոյ հրաւէր ուղղելու հարցին մասին` Մանոյեան նկատել տուաւ, որ հայկական կողմը այս ձեւով մարտահրաւէր կ՛ուղղէ Թուրքիոյ: Ըստ Մանոյեանի, ասիկա ֆութպոլ դիտելու հրաւէր չէ, այլ քաղաքական ենթահողով յստակօրէն կ՛ըսուի, որ եթէ իսկապէս կ՛ուզեն ճանչնալ պատմութիւնը, թող գան տեսնեն, թէ Հայաստանի մէջ 24 ապրիլին ժողովուրդը ինչպէ՛ս իր յարգանքը կը մատուցէ: Մանոյեան շեշտեց, որ այս իմաստով ասիկա մարտահրաւէր է, քան հրաւէր` աւելցնելով, որ ասիկա Էրտողանի 23 ապրիլի կեղծ ցաւակցական ուղերձին պատասխանն է:

