Նախագահ Սարգսեան Մօտ Ապագային Պիտի Անդրադառնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Հարցերուն
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մօտ ապագային պիտի անդրադառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցելու հոլովոյթներուն վերաբերող հարցերուն, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին` յայտնեց նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթէլեան:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ մասնաւորաբար ո՞րն է Հայաստանի պաշտօնական արձագանգը 29 մայիսին Ասթանայի մէջ` Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած նիստին ժամանակ, Ղազախստանի նախագահի յայտնած այն յայտարարութեան, թէ Հայաստան կառոյցին պէտք է անդամակցի ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած սահմաններով, այսինքն` առանց Լեռնային Ղարաբաղի, եւ պատրա՞ստ է արդեօք պաշտօնական Երեւանը շարունակել անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ անդամակցիլ` այդ նախապայմանով, նախագահի մամլոյ բանբերը ըսաւ. «Ձեր նշած հարցերուն վերաբերեալ արդէն իսկ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ կատարուած են տարբեր պաշտօնատար անձերու կողմէ: Ինչ կը վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցելու հոլովոյթներուն վերաբերեալ այլ հարցերուն, ապա տեղեկացնեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մօտ ապագային առիթ պիտի ունենայ անոնց անդրադառնալու»:

