Ասթանայի Մէջ Նիստի Ընթացքին. Նազարպայեւ Կարդացած Է Ալիեւի Նամակը

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

29 մայիսին Ասթանայի մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կարդացած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը, որուն մէջ վերջինս կը նշէ, որ Հայաստան կրնայ միանալ Եւրասիական տնտեսական միութեան այն սահմաններով, որոնցմով ան մուտք գործած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւն:

Ան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի դիմելով ըսած է. «Խնդիր մը կայ, որ կարելի է լուծել, եւ որ մեզի համար այնքան ալ հաճելի չէ. միութեան մէջ ընդգրկուիլ այնպէս, ինչպէս միացած էք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, որպէսզի չգրգռենք մեր դրացի Ազրպէյճանը: Նամակ ստացած ենք Ազրպէյճանի նախագահէն, որ Հայաստանը Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան միացած է այն սահմաններով, որոնք ճանչցուած են ՄԱԿ-ի կողմէ: Ասիկա` քննարկման համար»:

Նազարպայեւ այս հարցին մէջ իր դիրքորոշումը յայտնած էր նաեւ 2013-ի տարեվերջին, երբ Մոսկուայի մէջ ստորագրուեցաւ Մաքսային միութեան ճամբու քարտէսը: Ղազախստանի նախագահը հարց բարձրացուցած էր, թէ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու պարագային ուրկէ՞ պիտի անցնի միութեան սահմանը, եւ վերապահումով ստորագրած էր փաստաթուղթը:

Share this Article
CATEGORIES