Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի անգիտակցութեամբ սխալ որոշում մը չտաք օրուան ձր ծրագրին վերաբերեալ: Խոտհեմ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շողոքորթ անձերու խօսքերուն մի՛ հաւատաք: Ձեր խիղճը եւ ձեր կարողութիւնը ինչ որ թելադրեն, հետեւեցէք անոնց, մնացեալները ոչինչ կ՛ըսեն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր որոշումը, ընտանեկան կամ աշխատանքային ծրագիրներու վերաբերեալ, կարելի է գործնականացնել առանց կասկածամտութեան: Կը յաջողիք, կը շահիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հրաւէր ունիք մշակութային հանդիսութեան մը ներկայ ըլլալու: Առանց վարանելու` պատասխանեցէք հրաւէրին: Պիտի հանդիպիք ձեր հետաքրքրութիւնը գոհացնող անձերու: Մեկուսացած ապրելաձեւը անօգուտ կեցուածք է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաւաքական, խմբական աշխատանքի մը մէջ պիտի փնտռուի ձեր գործակցութիւնը: Պիտի կարենաք գոհացնել ձեր վրայ դրուած պարտականութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շուկայի հարցեր ունիք, ձեր ժամանակը երկար ատեն մի՛ տրամադրէք պարզ գնումի մը համար: Բծախնդրութիւնը այս պարագային ձեռնտու չէ: Խնայասիրութեամբ մօտեցէք, երբ ծախսելու ստիպուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բնութիւնը օգտակար միջավայր մը պիտի ըլլայ գոհացնելու համար ձեր ճաշակը եւ ձեզ ձերբազատելու յոգնած վիճակէն: Արեւը եւ մաքուր օդը կրնան ձեզ խանդավառել եւ լաւատեսութեան զգացում ստեղծել ձեր հոգեկանին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամատնային խնդիր մը ունիք, անմիջապէս կարգադրեցէք: Հաշիւի մէջ հաւանաբար մոռացում մը ըլլայ, սրբագրեցէք, երբ ուշ չէ: Արթուն եղէք մասնաւորաբար տնտեսական-նիւթական հարցերու պարագային:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին անթերի ըլլալը: Նոյնպէս ինքնավստահ եղէք, թէ ձեր երթալիք վայրին հասցէն ճիշդ գիտէ՞ք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք շատախօսներու եւ ձեր ժամանակը գողցողներու: Քաղաքավարութեան վնասներուն զոհ մի՛ երթաք: Մի՛ փոխէք ձեր միտքը, կը շահիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արուեստի յատուկ ծրագիր մը ունեցէք, ներկայ եղէք թատերական կամ երաժշտական ձեռնարկի մը: Ձեր յոգնած տրամադրութիւնը հոն կրնաք բարելաւել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մոռնալը պատահական է ամէնուն համար, բայց այսօրուան ձեր խոստումը չըլլայ որ մոռնաք, մանաւանդ երբ այդ խոստումը մանուկներու տուած էք:

