50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1964)
ՀՄԸՄ-ի Նորակառոյց
Ակումբին Բացումը
Հանգանակուեցաւ 30,000 Լ. Ոսկի
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց ակումբին բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 31 մայիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, շքեղ հանդիսութեամբ:
Հրաւիրեալներու ստուար բազմութիւն մը նախ պտտեցաւ ակումբին զանազան մասերը, յատկապէս` վերնայարկի շքեղ սրահը, որ իր արդիական ոճով, անպաճոյճ, այլ նրբարուեստ յարդարանքով, ուսումնասիրուած եւ համասփիւռ լուսաւորութեամբ, մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին վարչութեան:
Այնուհետեւ, հրաւիրեալները առաջնորդուեցան վար` պասքեթպոլի խաղավայրը, ուր բոլորուեցան սեղաններու շուրջ: Պատուոյ սեղանին շուրջ տեղ գրաւած էին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ այլ ազգայիններ:
Բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Խաչատուրեան` յայտնելով, թէ այս գեղակերտ շէնքով ՀՄԸՄ կատարած եղաւ իր ուխտը, զոր ըրած էր ութ տարի առաջ, երբ կ՛որոշէր սեփական հողի վրայ իր սեփական տունը ունենալ:
Գեղարուեստական բաժնին իրեն մասնակցութիւնը բերին տիկին Քէչէպաշեան եւ օրդ. Կիցինեան եւ ուրիշներ:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ խօսեցաւ Յովհաննէս Շահինեան, որ շեշտեց ՀՄԸՄ-ի ոգին, որուն արդիւնք կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի բոլոր նուաճումները, որոնցմէ մէկն է այսօրուան ակումբը:
Շատ գեղեցիկ, բովանդակալից ու ոգեղինող ճառ մը խօսեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան` մէջբերումներ ընելով բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի վերջին գրքոյկէն, ուր հայ ժողովուրդի տեսիլքին սահմանները կը տրուին:
Տոքթ. Փափազեան իր ճառը աւարտեց`յայտնելով, թէ հայ ժողովուրդը եւս կոչուած է զոհաբերութեան իր բաժինը բերելու այս մեծ ձեռնարկին:
Հանգանակութիւնը սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, հազարական, հինգ հարիւրական, երկու հարիւրական գումարներով, հասնելու համար 30.000 լ.ոսկիի պատկառելի գումարին:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
ՀՅԴ Պատ. Միութեան Քառասնամեակի
Շքեղ Տօնակատարութիւնը
ՀՅԴաշնակցութեան Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու քառասնամեակի յոբելենական տօնակատարութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 31 մայիս 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Պուրճ Համուտի «Սինեմա Գերմանիկ»-ի սրահին մէջ:
Ընդարձակ սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր:
Պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարիչ մարմինին կողմէ ընկ. Հայկազուն Թրթռեան, յանուն ՀՅԴ Հրուանդանի ընկերներուն` ողջոյնի խօսք ուղղելէ ետք բոլոր պատանիներուն, հրաւիրեց ընկ. Կարօ Սասունին նախագահելու տօնակատարութեան:
Իր բացման խօսքին մէջ ընկ. Սասունի ի մէջ այլոց ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը դարաւոր բռնութիւններու տոկալով` այսօր ալ կ՛ապրի ու պիտի ապրի: Մեր բոլոր կազմարկերպութիւնները կու գան տալ մեզի այն եզրակացութիւնը, որ պիտի միանան մեր հողերը եւ պիտի իրականան մեր երազները»:
Հրուանդանի Կեդր. կոմիտէի կողմէ ընկ. Յակոբ Աշճեան, յայտնելէ ետք, թէ կեդրոնական կոմիտէները միշտ եւ ամէն առիթով քաջալերած են պատանեկան որեւէ շարժում ու ձեռնարկ, յանուն Դաշնակցութեան` ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր պատանիներուն:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեւոն Գաթըրճեան եւ Արտեմիս Տէօքմեճեան` մեներգ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալիս Թոփճեանի: Ընկ. Յովհաննէս Թասլաքեան եւ Նելլի Մինասեան` արտասանութիւն:
Առաջին բանախօսն էր ընկ. տոքթ. Ատուր Գապաքեան:
Անդրադառնալէ ետք դաշնակցական պատանիի նկարագրի կերտումին, ըսաւ. «Աստուածային պատկերով ստեղծուած է մարդ արարածը: Պէտք է մշակէք ձեր մէջ ուրիշներուն տալու, ուրիշներուն ծառայելու, զոհուելու, կեանքը նուիրելու ոգին: ՀՅԴաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն մէջ դուք պիտի սորվիք ազնուական արարքներ գործել, այդ ճամբով միայն կարելի է հասնիլ Դաշնակցութեան հետապնդած հիմնական գաղափարներուն»:
Գեղեցիկ օրինակէ մը ետք, յորդորեց նաեւ պատանիները ըլլալ յառաջապահ դասը հայ ժողովուրդին, մինչեւ իր արդար նպատակներուն իրագործումը:
«Բռնակալներ ճզմեցին, բաժան բաժան ըրին ժողովուրդը հայոց: Մէկ էինք կրօնքով, լեզուով, հայրենիքով: Հայաստանեայց եկեղեցին իր պահպանողական դերը կատարեց: Բայց ապրելու համար անհրաժեշտ էր նաեւ քաղաքական կամքը: Հայ ժողովուրդը ծնաւ այդ կամքը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ եղաւ ուղիղ, իրաւ ըմբռնող, կազմակերպող, զոհուող կազմակեպութիւնը: Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միացուց հայութիւնը»:
Այնուհետեւ Բ. Փափազեան յիշեց ՀՅԴաշնակցութեան բոլոր նուիրեալները, որոնք իրենց նահատակութեամբ, լեռնացան, կազմեցին ՀՅԴաշնակցութեան զոհաբերութեան Արարատը:
«Պատանիներ պիտի գան Դաշնակցութեան գիրկը, որովհետհեւ տակաւին իրականացած չէ հայուն դարաւոր երազը: Հայ ժողովուրդի երազի ճամբան միայն ու միայն հաւաքական ճամբան է: Եւ հաւաքականութիւնը կրնայ յաղթել, երբ հիմնուած է հայուն նկարագրին վրայ»:
Հայկազ Թրթռեանի պատրաստած խմբական արտասանութիւնը, Դաշնակցութեան փառքը կերտող անմահներու լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ եւ պատանիներու կատարմամբ, լաւագոյն տպաւորութիւնը թողուց ներկաներուն վրայ:
Ընկ. Տիգրան Շմաւոնեանի «Կիլիկիոյ երգ»-ի մեներգէն ետք, վերջ գտաւ քառասնամեակի փառահեղ տօնակատարութիւնը:
Մայիս 28-ի առթիւ խրախճանքներ եղան շաբաթ գիշեր քաղաքի ժողովրդային տան մէջ` կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» կոմիտէին եւ Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ` կազմակերպութեամբ «Պալաքեան» կոմիտէի: Վերջին հանդիսութեան` գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ Հայկազ Եափուճեան:

