«Ժպտացող Գոյներ»

Մ. Ծ.

reflect2-(2)DSC_8248Կը հաւատանք այն կարծիքին, որուն համաձայն, համալսարանին մէջ ուսանողը կը տեղեկանայ, թէ ի՛նչ պիտի սորվի եւ ինչպէ՞ս պիտի իւրացնէ զայն: Միայն յարատեւ ինքնաշխատութեամբ ան հետագային կրնայ դառնալ փնտռուած մասնագէտ ու յաջողիլ իր ասպարէզին մէջ: Փորձը ցոյց տուած է, որ յատկապէս տաղանդաւոր արուեստագէտներու պարագային, ինքնաշխատութիւնը շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, եթէ երբեք ենթական ըլլայ ուսումնատենչ, հետեւողական ու աշխատասէր:

Նայիրա Աղախանեանը մէկն է այս վերջիններէն, որուն «Ժպտացող գոյներ»-ը ունին համարձակ լուծումներ եւ ներդաշնակ կերպեր: Անոր ստեղծագործութիւններու առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 2009 թուականի սեպտեմբերին, Երեւանի սենեկային երաժշտութեան տան սրահէն ներս, որ իր բնոյթով ու մակարդակով մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց յատկապէս  արուեստասէր հասարակութեան մօտ: Այս ցուցահանդէսը ունէր բարեսիրական բնոյթ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ «Փիւնիկ» միութեան մասնաշէնքին մէջ հաշմանդամներուն յատկացուած համակարգչային լսարանին: Ան ցարդ մասնակցած է շարք մը խմբային ցուցահանդէսներու, որոնց մէջ առանձին նշանակութիւն ունէր անցնող սեպտեմբերին Մարսէյի մէջ կայացած բարեգործական բնոյթի այն ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ սուրիահայերու համար բնակարաններ կառուցելու հիմնադրամին: Ան այս ցուցահանդէսին կը մասնակցէր չորս ստեղծագործութիւններով, որոնց մէջ աչքի կը զարնէր դաշնամուրի ստեղներով իրագործուած զոյգ (diptych) գեղանկարը, ուր գոյնը, կերպը եւ գիծը վերածուած էին կշռոյթի` «Ժպտացող գոյներ»-ու ընդմէջէն:

reflect2-(3)

reflect2-(4)

 

 

 

 

 

 

 

 

reflect2Այս ի վերուստ օժտուած նկարչուհին իր ստեղծագործական ասպարէզը սկսած է փակցանկարչութեամբ: Արտաքնապէս դիւրին թուացող փակցանկարչութիւնը այնքան ալ դիւրին արուեստ մը չէ, հայ մեծագոյն գեղանկարիչներէն շատեր փորձած են զայն ու չեն յաջողած, Սերգէյ Փարաջանովին պէս հանճար մը պէտք էր որ ծնէր, որպէսզի հայ կերպարուեստին պարգեւէր փակցանկարչական գլուխ գործոցներ: Ահաւասիկ փարաջանեանական այս փակցանկարչական արուեստն է, որ ներշնչման աղբիւր ծառայած է Նայիրա Աղախանեանին, որուն սկզբնական շրջանի իրագործումները լուրջ որոնումներու տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Կարճ ժամանակ մը ետք պրպտող մտքի տէր այս արուեստագիտուհին չի սահմանափակուիր փակցանկարչութեամբ եւ կը սկսի օգտագործել նաեւ վրձինը` տարբեր միջոցներու զուգահեռ: Որովհետեւ անոր հետաքրքրութեան տեսադաշտը բաւականին ընդարձակ է եւ` օգտագործած  նիւթերը բազմազան, անոր արուեստը կը տարուբերի տպաւորապաշտութեան եւ վերացականութեան միջեւ, որոնք արտայայտչաձեւերով իրենց ընդհանուրին մէջ թէն խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզեն, սակայն ներքնապէս կը կապուին իրարու ու կը դառնան ճանաչելի` ոճային առումով: Ան առանձին շարքերով կ՛աշխատի, ինչպէս` «Ժպտացող ծաղիկներ», «Ափրիկեան ներշնչումներ», «Ճարտարագիտական վերացականութիւն» շարքերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը  իր տեսակին մէջ հետաքրքրական է եւ ունի ստեղծագործական զարգացման իր սեփական ուղին: Անոնք թէեւ կը տարբերին իրարմէ, սակայն բոլորին մէջ գոյները կը ներդաշնակուին ու կը ժպտին կարծէք գեղեցիկ զգացումներ պարգեւելով ակնդիրին: Ան արդարօրէն իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը խորագրած էր «Ժպտացող գոյներ», որոնց միաձուլումով կը յատկանշուի Նայիրա Աղախանեանի ստեղծագործական կեանքը:

Գոյնի լաւ զգացողութիւնները, ուժեղ երեւակայութիւն ու ստեղծագործելու անհուն սէրը իրաւունք կու տան մեզի հետագային անկէ ակնկալելու շատ աւելի բարձրորակ ստեղծագործութիւններ եւ նորանոր նուաճումներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )