Յիշատակի Ոգեկոչումն Ու Յաղթանակի Պարը (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)
Հպարտութիւնը է տեսնել ու ապրիլ այն իրականութիւնը, երբ հայ վարժարանի երդիքին տակ իրերայաջորդ սերունդներ մտքի ու հոգիի լուսաւորման առընթեր, նաեւ կը ստանան ազգային խորքով ու շունչով դաստիարակութիւն, որուն արտայայտութիւնը մենք` հաւաքաբար կը տեսնենք տարբեր նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն:
Այլ խօսքով, ինչո՛վ կը զանազանուի հայ վարժարանը այլ կրթական հաստատութիւններէ, եթէ ոչ իր ջամբած քրիստոնէավայել ու ազգային ու հայրենասիրական բորբ հաւատամքի առաւել ուսուցմամբ եւ ամրապնդումով:
Իրօք, նման պատեհ առիթներ հանդիսացան ապրիլեան ոգեկոչումի նուիրուած հանդիսութիւնն ու պարի փառատօնը:
Արդարեւ, 30 ապրիլ 2014¬ին, վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմն ու աշակերտութիւնը միասնաբար յարգեցին յիշատակը 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու,- ոգեկոչման պատշաճ հանդիսութեամբ մը:
Ձեռնարկը կը յատկանշուէր անով, որ տարբեր դասարաններու աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագիրին, որ մեծ խնամքով եւ աչալրջութեամբ պատրաստուած էր, իսկ իբրեւ հիւր բանախօս հրաւիրուած էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բարգատունին, որուն ներկայութիւնը եթէ մէկ կողմէ ջերմապէս խանդավառեց ամբողջ աշակերտութիւնը, ապա միւս կողմ` առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու պետական երեսփոխանին միտքերուն, ապրումներուն եւ զգացումներուն:
Տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճանի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ յարգարժան հիւրը:
Օրուան բանախօսը, ներկայացնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ տարողութիւնը, շեշտը դրաւ ապրիլեան խորհուրդին վրայ: Ան գողտրիկ յուշագրութեան մը ընդմէջէն ներկայացուց վերապրող սերունդի ապրած հոգեկան արհաւիրքն ու տառապանքը: Փաստօրէն թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ճողոպրած մեծ մայրեր, իրենց սուգն ու դառնութիւնը արտայայտելու համար մինչեւ մահ կրած էին սեւ զգեստներ, որպէսզի յիշեն ու յիշեցնեն հայոց աննկարագրելի ջարդերն ու դժոխային պայմանները:
Միւս կողմէ, Յակոբ Բագրատունի հայ աշակերտին մտքին ու սրտին խօսող արտայայտութիւններով մեծապէս արժեւորեց հայ վարժարանին դերն ու առաքելութիւնը եւ առանձնապէս ընդգծեց, որ հայ աշակերտը իր կարգին պէտք է տէր կանգնի իր անցեալին, վառ պահէ ազգային հաւաքական յիշողութիւնն ու արժէքները: Ան ըսաւ, որ հայ աշակերտին վայել չէ հայերէն լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասերուն մէջ ձախող նիշեր ունենալ, որովհետեւ այս դասապահերն ու նիւթերը մեզ զգաստութեան եւ գիտակցութեան մղող դասեր են, քաջութիւն ու համարձակութիւն սորվեցնող եւ նահատակներուն յիշատակը յարգելու առիթներ:
Աւարտին, ան շեշտեց, որ հայ աշակերտութիւնը պէտք է նուիրումով եւ հաւատքով իր ներդրումը ունենայ հայ ազգի վերելքին, պետութեան վերականգնումին ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրոցի երգչախումբը «Մենք պէտք է կռուենք» եւ «Երազ իմ երկիր», Աւօ Տաքէսեան (ջութակ) եւ Արի Տաքէսեան (կիթառ) «Երեւան¬Էրեբունի», Ռիթա Մելեքեան (դաշնակ) «Ժողովրդային երգ», Վահան Սաղտըճեան (դաշնակ) «Ատանայի կոտորածը», Մինաս Ադամեան (մեներգ) «Կիլիկիա», Արամ Ադամեան (մենակատարութիւն) «Հայ մուկը», Ծաւի Պիլալեան (դաշնակ) «Էրիք Սաթի» եւ Սագօ Տերմենճեան (կիթառ) «Ասդորեան»:
16 մայիս 2014: Պարի փառատօն:
Դպրոցական տարեշրջանի ուրախ եւ խանդավառ օրերէն մէկը: Փաստօրէն առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, դպրոցին մէջ կը տիրէր արտակարգ մթնոլորտ, երբ նախակրթարանի աշակերտութիւնը եւ Պարի ակումբի անդամները կը պատրաստուէին երեկոյեան ներկայացումին:
Շրջափակին մէջ տեղադրուած բեմին վրայ փորձեր, տարազներու ստուգում, եղանակներու դասաւորում եւ բազում յարակից աշխատանքներ: Պարզապէս` պարի փառատօնը իր լրումին հասցնելու տենդագին աշխատանք եւ նախանձախնդրութիւն:
Յիրաւի, ի˜նչ գեղեցիկ եւ հոգեպարար պահ է այն, երբ պարի փորձերուն ատեն ականատես կ՛ըլլաս գրեթէ ամբողջ դպրոցի աշակերտութեան ինքնեկ մասնակցութեան, որոնք այլապէս կ՛ոգեւորուին ի տես իրենց դասընկերներու խանդավառութեան:
Երեկոյեան մթնոլորտի լրջութիւնը գերակշռող էր: Պարուսոյցին ու աշակերտութեան քննութեան պահն է, ուր ամիսներու ընթացքին ժրաջան եւ հետեւողական փորձերէ ետք, ծնողներ, հարազատներ ու բարեկամներ պիտի վայելեն հայկական շունչի, եռանդի ու մթնոլորտի վայելչութիւնն ու ներկայութիւնը:
Արդարեւ, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, վարժարանի նախակրթարանի պատասխանատու Վերա Սվաճեան բարի գալուստի իր խօսքով ազդանշանը տուաւ յայտագիրի գործադրութեան:
Տարբեր դասարաններու աշակերտներէ բաղկացած պարի խումբերը ներկայացուցին հայկական, ազգագրական, արաբական եւ օտար պարային տեսականի, որոնցմէ յայտնապէս յիշատակելի են «Նազ պար»¬ը, «Քոչարին», «Փառք հերոսներին», «Մենք ենք մեր սարերը», «Նազան իմ եարը», «Սասնոյ պար», «Արի սիրուն», «Սա իմ անունն է», «Նայիր ինձ», «Տալլուա», «Սէ լա վի», «Burlesque», «Welcome to Armenia», «Bregomesh» եւ այլն:
Պէտք է ընդգծել որ ամբողջ յայտագիրի ընթացքին գերիշխողը ջերմ խանդավառութիւնն էր, որ դրսեւորուեցաւ ներկաներու ծափերով, երգերով եւ քաջալերական խօսքերով: Կարծես հսկայ հաւաքականութեան մը փառատօն էր, ուր մեծեր, երիտասարդներ ու փոքրեր մասնակից էին մշակութային այս իրագործումին:
Հարկ է անդրադառնալ իրողութեան մը, որ առանց տնօրէնութեան անվերապահ քաջալերանքին եւ աջակցութեան, արհեստավարժ պարուսոյցի հետեւողական ճիգերուն, տարազներու գեղեցկութեան, պարերու այլազանութեան, եղանակներու դիպուկ ընտրութեան եւ համադրումին, քորէկրաֆիի, աշակերտութեան հրաշալի մասնակցութեան եւ մատուցումին, միթէ կարելի պիտի ըլլա՞ր ստեղծել հայաբոյր եւ գեղարուեստական շունչով լեցուն մթնոլորտ:
Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել փառատօնի մասնակից աշակերտութեան բարի ժպիտը, իրենց ծնողներն ու հարազատները ուրախացնելու տրամադրութիւնը, վարժարանին երախտապարտ ըլլալու հպարտանքը, հայաշունչ արուեստ ու ճաշակ փոխանցելու լուռ մտածումը:
Յաճախ ըսած ենք, որ հայ վարժարանի մշակութային առաքելութիւնը կը մնայ եզակի ու անփոխարինելի: Իսկ նման իրագործումի ետին անպայման որ կանգնած են բազմաթիւ անհատներ: Այս պարագային, յոյժ գնահատելի կը մնայ վաստակաւոր պարուսոյց Անի Կոստանեանի ներդրումն ու արհեստավարժի ունակութիւնները, հայ նորահաս սերունդին ջամբելով հայկական պարի ու ոգիի դաստիարակութիւն:
Տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան այս առիթով յայտնեց, որ այս ձեռնարկը նուիրուած է վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի Սոնա Նաշեանի յիշատակին: Ան իր խորին շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց ձեռնակը հովանաւորող Լենա Րագուպեանի, պարուսոյցին, նախակրթարանի ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան, եւ վեր առաւ հայ մշակոյթի պանծացման նման առիթներու կարեւորութիւնը:
Աւարտին, Հայ Աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան իր աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:
Հ. Պ.

