Դասախօսութիւն` «Դաստիարակութեան Ներկայ Մարտահրաւէրները»

1605harach-(2)Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի Ծնողական խորհուրդին, ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ին, վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Դաստիարակութեան ներկայ մարտահրաւէրները» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Ծնողական խորհուրդի անդամուհիներէն Նայիրա Պաթուզեան, ամփոփ կէտերով ծնողներուն ներկայացուց օրուան դասախօս դոկտ. Մարալ Պոյաճեանը:

Մարալ Պոյաճեան դասախօս է Էն.Տի.Եու եւ Էյ.ԵուՊի. համալսարաններուն մէջ:

Մարալ Պոյաճեանին հետ հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ խօսակցութեան մը, երբ ան ներկաներուն փոխանցեց այժմէական մանկավարժական գիտելիքներ ու ներկայ սերունդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն առնչուող  լուծումներ ու լուսաբանութիւններ:

Ան կեդրոնանալով քննութիւններու նախօրեակին աշակերտութեան մօտ ստեղծուած տաղտկալի մթնոլորտին, թելադրեց ծնողներուն ճանչնալով իրենց զաւակներուն կարողութիւնները` չակնկալել աւելին ու անոնց մղել ծրագրաւորուած աշխատանքի : Ան ըսաւ, որ քաջալերանքն ու ուրախ տրամադրութիւնը կ՛օժանդակեն աշակերտին յիշողութեան ամրապնդման ու սերտողութեան դիւրացման:

Ապա Մարալ Պոյաճեան անդրադարձաւ կենցաղավարական կանոններու. ան  յիշեցուց ներկաներուն, որ ներկայ սերունդը պէտք է մղել, որ իրենց  երախտագիտական զգացումները արտայայտել գիտնան`  նաեւ մեծերը յարգել. Դասախօսը շեշտեց առողջ երկխօսութիւն զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Ան պատուիրեց ծնողներուն միշտ ընկերակցիլ իրենց զաւակներուն առօրեայ կեանքին, ըլլալ ընկեր, սակայն չխախտել ծնողք-զաւակ  յարգանքի սահմանը:

Այլազան մանկավարժական արդի մեթոտներով  Մարալ Պոյաճեան արծարծեց մանուկներու մօտ ստեղծուած ճնշուածութեան, անոնց սեռային դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ  կեդրոնացումի պակասի առնչուող հարցեր:

Դասախօսութեան աւարտին Մարալ Պոյաճեան հանդիպում ունեցաւ վարժարան յաճախող քեսապահայ աշակերտներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES