Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Ծիրանի» Երգչախումբի Համերգ
Շաբաթ` 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Լոռի Այնթապլեանի:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքը, եկեղեցին, շարժանկարը առանց երաժշտութեան անիմաստ պիտի թուէին: Երգն է, որ կ՛ազնուացնէ մեր հոգիները, եւ այդ պատճառով Հայ աւետարանական քոլեճը կեանքի անուշահոտութեան հունտերը կը ցանէ նախակրթարանի մէջ, ուր աշակերտներուն կը մատուցուի հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն երաժշտութիւն: Ան յայտնեց, որ ներկայացուածը «Ծիրանի» երգչախումբի 15-րդ ելոյթն է, հետեւաբար այդ ելոյթին կը նշուի անոր հիմնադրութեան 15-ամեակը: Տնօրէնը գնահատեց Նեկտար Փալազեանի տարած աշխատանքը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր եւ Լոռի Այնթապլեանին:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց երգերու փունջ մը` հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Յայտագրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ աշակերտներ կը ներկայացնէին մեկնաբանուած երգերը: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նուագով Կրէս Մաամարպաշի` ջութակի եւ Քրիսթին Մաամարպաշի` դաշնակի վրայ:
Աւարտին խօսք առաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ` վեր. Հրայր Չոլաքեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց մատուցուած համերգին համար` փափաք յայտնելով, որ բոլոր ձեռնարկները եւ հանդիպումները երգով ըլլան: Ան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, երգչախումբի ղեկավար` Նեկտար Փալազեանը եւ դաշնակի վրայ նուագող` Լոռի Այնթապլեանը, նաեւ մասնակցող աշակերտները:

