Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Փառատօնը
Ուրբաթ, 30 մայիս 2014-ին, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը ներկայացան դպրոց` միօրեայ հանդիսութեամբ նշելու Շուշիի ազատագրման եւ Հայաստանի անկախութեան տօները:
Առաւօտեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք նախակրթարանի աշակերտները իրենց եռագոյն շապիկներով կազմեցին բուրգեր, ապա երգեցին «Սարդարապատ» ու Հայաստանի քայլերգները:
Խումբ մը աշակերտներ իրենց հեծիկներով ուղղուեցան քաղաքապետարան` իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու քաղաքապետին, որ կը հովանաւորէր վարժարանին փառատօնը, ու յանձնեցին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնող յուշանուէր մը: Ապա անցան Ազգ. առաջնորդարան` առաջնորդ հայրն ալ մեծարելու մայիսեան յուշանուէրով:
Դաստիարակելու հսկողութեամբ պատրաստուած կարկանդակները ճաշակելէ ետք, աշակերտները բարձրացան սրահ, ուր յաջորդաբար տեղի ունեցան երգի, արտասանութեան եւ ընդհանուր զարգացման միջդասարանային մրցումները: Ներկայացուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը` մայիսեան յաղթանակին մասին:
Երգչուհի Գարմեն Աճեմեան եզրափակեց հանդիսութիւնը` ազգային երգերու իր մեկնաբանութեամբ` միօրեայ ձեռնարկին խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
30 մայիս 2014-ը անմոռանալի օր մը դարձաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանին համար` իր դաստիարակիչ եւ տօնական մթնոլորտով: