ՀԲԸՄ Վարժարաններ. Կեանքի Գունագեղ Արձագանգներ Մայիսեան Ցուցահանդէս

May-2014_hpem-(2)ՀԲԸ Միութեան երեք վարժարաններու` Դարուհի-Յովակիմեանի, Կարմիրեան եւ Նազարեան դպրոցներու սաներուն տարեկան ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ:

Եռօրեայ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ ՀԲԸ Միութեան  Կրթական մարմինի անդամներու,վարժարաններու տնօրէնութեան, ուսուցչական մեծ կազմի, տիկնանց յանձնախումբերու, ծնողներու  հիւրերու եւ անշուշտ` աշակերտներու:

Աւանդական ժապաւէնի հատումէն ետք սրահները ողողուեցան հետաքրքրասէր դիտողներով եւ հոս ու հոն խճողուած խումբեր կարծիքներու փոխանակումով, քննարկումներով ու գնահատական խօսքերով սենեակները վերածեցին աշխուժ աշխատանոցներու…:

Շատ չանցած` բարձրախօսը տարածեց արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանին ձայնը, որ շատ բարձր գնահատեց ցուցահանդէսին մասնակից աշակերտութիւնը, քաջալերեց զանոնք եւ անոնց ծնողները եւ մէկ առ մէկ սկսաւ կարդալ իր աշակերտներէն անոնց անունները, որոնք արժանացած էին իտալական «ֆապրիանօ» հաստատութեան նկարչական մրցանքի վկայագրին: Մրցանակակիրներուն թիւը ինքնին վառ ապացոյցն է տարուած աշխատանքին, աշակերտներու հետեւողականութեան եւ արձանագրուած յաջողութեան: Քիչ ետք մասնագիտական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ գեղանկարչուհի Մարալ Փանոսեանը, որ դրուատեց իր սաները եւ Aup – Zed արուեստի դպրոցին կողմէ մրցանակներ բաշխեց շնորհալի աշակերտներուն: Իր կարգին, Շողիկ Տարագճեանը գնահատեց գիտական աշխատանքներու մրցանակներու արժանացած աշակերտները: Չէ՞ որ գեղարուեստական գործերէն բացի` ներկայացուած էին նաեւ գիտական տարաբնոյթ գործեր: Ցուցահանդէսը թիւով 4-րդն է եւ ամէն տարի անպայման նորութիւն մը ունի մատուցելիք իր այցելուներուն: Կարմիրեան վարժարանի արուեստի ուսուցչուհի Յասմիկ Գարաօղլանեանը իր սաներուն համար բացայայտած էր քոլաժի արուեստը, եւ աշակերտները շատ հետաքրքրական գործեր կրցած էին ստեղծել: Քոլաժը արուեստի այն գործն է, որ տարբեր կտորներէ կը կազմուի եւ նոր ամբողջութիւն մը կը ստեղծէ: Մանուկին ու պատանիին երեւակայութեան պաշարները անսպառ են եւ ճիշդ ուղղորդելու պարագային  բոլորովին նոր ու անսպասելի արդիւնքներ կրնան արձանագրուիլ:

Նշենք նաեւ, որ ցուցահանդէսին մէջ իրենց ուրոյն տեղը գրաւած էին մանկապարտէզի տարեկան ձեռային աշխատանքները, որոնք զարմացուցին եւ հիացուցին իրենց մտայղացումներով, գեղեցիկ իրագործումով եւ մեր փոքրիկներուն տեսողական եւ զգացական ունակութիւնները զարգացնելու ներուժով:

Հաճելի ներկայութիւն էր նաեւ Յովակիմեանի հայկական տաղաւարը, որ Սալբի Ճուլֆայեանին մտայղացումն էր, ուր ներկայացուած էին հայ գրականութեան մեծերը եւ անոնց նշանաւոր հերոսներուն կերպաւորումները:

Ընդհանուր աշխատանքը գնահատող խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ  ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )