Միջազգային Կարճ Լուրեր

0106Mi-8ՌՈՒՍԱԿԱՆ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը ջախջախուած է հիւսիսային Ռուսիոյ Մրմանսք շրջանին մէջ: Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին 18 անձեր, որոնցմէ երկուքը հիւանդանոց փոխադրուած են, իսկ մնացեալ 16-ին ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ: Նախարարութենէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնեց, որ ճամբորդներու շարքին էին Մրմանսքի կառավարիչը, փոխկառավարիչը, կենսոլորտի նախարարը եւ անտառներու բաժանմունքի ղեկավարը:

ՌՈՒՍԻՈՅ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով քննադատեց «գունաւոր յեղափոխութիւնները»` զանոնք նկատելով «նոր աղէտ» մը, որ կը նպաստէ պետութիւններու կայունութեան քայքայման: Ան ըսաւ, որ ժողովրդավարականացման պատրուակով կարգ մը երկիրներու ներքին հարցերու շահագործում տեղի կ՛ունենայ` անփափաքելի կառավարութիւններ փոխարինելու համար արտասահմանի վերահսկողութեան տակ գտնուող վարչակարգերով: Իբրեւ օրինակ ան նշեց Ուքրանիան, որ ֆաշականութեան բնորդի վերածուած է:

ՌՈՒՍԻՈՅ նախագահութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին 5-6 յունիսին պիտի ուղղուի Ֆրանսա: Այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:

ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ նախագահ Շի Ճին Փինկ խոստացաւ չինական ծովուն մէջ հարցեր չստեղծել, սակայն շեշտեց, որ իր երկիրը պէտք եղած ձեւով պիտի հակադարձէ այլ երկիրներու գրգռութիւններուն:

ԱԲԽԱԶԻՈՅ նախագահ Ալեքսանտր Անքվապ հերքեց, թէ կամաւոր կերպով հրաժարելու մասին փաստաթուղթ ստորագրած է, ինչպէս այդ մասին յայտնած էին երկրին ընդդիմադիրները: Ան նշած է, որ իրեն համար «կարեւորը այն է, որ Աբխազիոյ մէջ տագնապ եւ արիւնահեղութիւն չըլլայ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES