Ռուսիա Կը Պատրաստուի Պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու «Արագ Համաշխարհային Հարուած» Նախաձեռնութեան
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Եուրի Պորիսով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու «Արագ համաշխարհային հարուած» ռազմավարութեան չէզոքացման ուղղուած աշխատանքներ կը տարուին:
«Կ՛իրականացուին շարք մը գիտահետազօտական եւ փորձարական-կառուցուածքային աշխատանքներ հաւանական սպառնալիքներու ծիրին մէջ` կապուած համաշխարհային հարուածներու տեղակայման եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գերձայնային ճարտարագիտութիւններու օգտագործման հետ», նշած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը:
Ան աւելցուցած է, որ ամբողջ թափով յառաջ կ՛երթան «Եարս» եւ «Պուլաւա» հրթիռներու մատակարարումը եւ այլ աշխատանքներ:
CATEGORIES Միջազգային

