Ժեմայէլ Շնորհաւորեց Սիսին

amine-gemayelՓաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին:

Ժեմայէլ վստահութիւն յայտնեց, որ Եգիպտոս պիտի ուղղուի դէպի քաղաքացիական պետութեան կերտումը` պահպանելով ազատութիւնները, ժողովրդավարութիւնը եւ բոլոր եգիպտացիներուն մարդկային իրաւունքները:

Ժեմայէլ նշեց նաեւ, որ Եգիպտոս պիտի վերադառնայ շրջանային իր դերակատարութեան եւ արաբական միասնականութեան ամրապնդումի իր առաքելութեան:

Ան հաստատեց նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES