Արսալի Մէջ Պայթում Եւ Բռնարարքներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, Արսալի մէջ արձանագրուած է պայթում մը, որուն շուրջ բացուած հետաքննութիւն մը փաստած է, թէ անիկա «Քիա-Չերաթթօ» տիպի ինքնաշարժի մը մէջ զետեղուած երկու քիլոկրամ կշռող ականի մը պատճառով եղած է:

Ըստ հաղորդագրութեան, պայթումը պատճառած է երկու վիրաւոր, եւ պայթած ինքնաշարժը կը կրէր ոչ լիբանանեան թիւ մը:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Ժապհաթ Նուսրայի լիբանանցի եւ սուրիացի անդամներ Արսալէն առեւանգեցին 16-ամեայ պատանիներ, որոնք Շահին եւ Սմայլի ընտանիքներէն են:

Ժապհաթ Նուսրայի անդամները առեւանգեալ պատանիները առաջնորդեցին դէպի Արսալի լեռնային շրջանները, ուր զանոնք խոշտանգեցին եւ աւելի ուշ զանոնք Արսալի մէջ նետեցին:

Ժապհաթ Նուսրայի անդամները նշեցին, որ իրենք այդ բռնարարքին դիմած են, որովհետեւ այդ պատանիները գողցած են իրենց մոթորսիքլեթը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES