Թրիփոլիի Մէջ . Նախկին Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Սպանութեան 27-Ամեակի Բազմամարդ Նշում

Ֆայսալ Քարամէ

Ֆայսալ Քարամէ

Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 27-ամեակը երէկ Թրիփոլիի մէջ նշուեցաւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու ներկայութեամբ:

Այս առիթով, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` նախագահական ընտրութեան իբրեւ թեկնածու առաջադրուիլը ձանձրացուցիչ եւ անհեթեթ թատերախաղ մըն է, «հակառակ «կարմիր հագուստներուն» նկատմամբ մեր յարգանքին», ըսաւ ան:

Քարամէ շեշտեց, որ Ժահժահի թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ անիկա եկած է լիբանանեան քաղաքական վերնախաւին համաձայնութեամբ:

«Քաղաքական կեանքին մէջ Ժահժահի ներկայութիւնը ինքնին ամօթ է Լիբանանի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքի վարկաբեկում», ըսաւ Քարամէ:

Ան հաստատեց, որ ոճրագործին թեկնածութեան առաջադրումը առիթ մըն էր, որպէսզի անոր զօրակիցները վկայեն, թէ Թրիփոլի աւելի հաւատարիմ է եւ Ռաշիտ Քարամէի թափած արիւնը չի շրջանցեր:

«Մենք պիտի չներենք եւ պիտի չմոռնանք, սակայն վրէժխնդրութեան կոչեր ալ պիտի չկատարենք: Ռաշիտ Քարամէ սպաննուեցաւ, որովհետեւ ան ընդդիմացաւ Լիբանանը բաժնելու ծրագիրին, իսրայէլեան օրակարգին: Զայն սպաննեցին Լիբանանը մասնատել փափաքողները եւ իսրայէլեան գործակալները», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ նախագահական դատարկութիւնը անիշխանութեան չվերածուի եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը կարելի ըլլայ պահպանել:

Ան դրուատեց Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Ախպար» օրաթերթին:

Նշենք, որ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 27-րդ տարելիցին առիթով նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ինչպէս ամբողջ Լիբանանը, նոյնպէս Թրիփոլին կարօտը ունի Ռաշիտ Քարամէի իմաստուն միտքերուն:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Ռաշիտ Քարամէի իմաստութեան կարիքը կը զգացուի` Լիբանանը դէպի ապահովութիւն առաջնորդելու:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի եւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ` ընդգծելով, որ Հըզպալլա նեցուկ կը կանգնի Քարամէ ընտանիքին եւ կ՛ողջունէ անոր տեսակէտները:

 

Share this Article
CATEGORIES