Ըստ Ռուստամեանի «Որեւէ Իշխանութիւն Չի Համաձայնիր Եւրասիական Միութեան Անդամակցիլ Առանց Ղարաբաղի»
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն խօսելով Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած չորս երկիրներու հանդիպման եւ Հայաստանի վերաբերեալ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յայտարարութեան մասին, նշեց, որ որեւէ անակնկալ չէ տեսած այդ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, եւ յստակ էր, որ Ղազախստան պիտի արտայայտուի իբրեւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ շահերու պաշտպան` իրականացնելով համապատասխան լոպիինկը, որովհետեւ Նազարպայեւ քանի մը անգամ տուած է առիթներ` այդպէս կարծելու:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան դուրս է համարկման այդ հոլովոյթներէն, եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Հայաստան չյաջողի ամրագրել իր դիրքերը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ: Ռուստամեան շեշտեց, որ բնականաբար, հիմնական հարցը այստեղ Ղարաբաղի հարցն է, եւ երբ կ՛ըսէինք, որ «կամ-կամ»-ի հարց կը դրուի, ուրեմն պէտք է առաջնորդուիս` քու կենսական անհրաժեշտութենէդ մեկնելով: Ըստ Ռուստամեանի, սպասելի էր, որ այս հարցը պիտի յառաջանայ, ու Ազրպէյճան պիտի փորձէ այս անդամակցութեան միջոցով, Ղարաբաղի լուծման վերաբերեալ, իրեն համար նպաստաւոր պայմաններ ստանալ:
Դաշնակցական պատգամաւորը անընդունելի նկատեց այն քննարկումները, որոնք կը կատարուին երրորդ, չորրորդ կողմերէն ստացուող նամակներու հիման վրայ` տրուած ըլլալով, որ ատիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ միջազգային չափանիշներուն: Ռուստամեան յայտնեց, որ երբ խօսքը կը վերաբերի որոշակի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու, բայց որոշ մէկը դուրսէն կ՛ուղարկէ նամակ մը, որ պէտք է ազդէ այդ քննարկման վրայ, երբ գիտենք, որ այդ մէկը աղաւաղուած ու ոչ համապատասխան ձեւով կը ներկայացնէ Ղարաբաղի տագնապը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, բոլոր փաստաթուղթերը, որոնց յղում կը կատարէ Ազրպէյճանը, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: ՄԱԿ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ բազմիցս ըսուած է, որ չկայ այդպիսի ձեւակերպում, որ ՄԱԿ-ը ճանչցած է սահմանները, բայց իրենք կը շարունակեն իրենցը պնդել: Ինչ կը վերաբերի Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան պայմաններուն, Ռուստամեան յայտնեց, որ եթէ հայկական կողմը Ալիեւի տրամաբանութեամբ շարժէր, ապա վաղուց պէտք է մաքսակէտ դրուած ըլլար Հայաստանի ու Արցախի միջեւ: «Մենք խնդիր ունինք պատրաստուելու եւ շատ աւելի ամբողջական, լիարժէք կրնանք Արցախի հարցը պաշտպանել, թոյլ չտանք, որ Արցախի տագնապը նենգափոխուի, եւ հիմա ալ ատիկա կատարէ Ղազախստանը` Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ թելադրանքով», ըսաւ Ռուստամեան:
Ռուստամեան յայտնեց, որ միւս կողմէն ալ վատ չէ, որ ստեղծուած է առիթ, որ այս ձեւաչափին մէջ քննարկեն Ղարաբաղի հարցը, եթէ կ՛ուզեն խորութեամբ քննարկել այդ հարցը, ու թող յառաջանայ հարթակ մը եւս, ուր Հայաստան կրնայ ներկայացնել իր փաստարկները: «Ողբերգական կամ զարմանալի բան չեմ տեսներ, պէտք է հասկնանք, որ արտաքին քաղաքականութիւնը յագեցած է այդպիսի իրավիճակներով, երբ դուն պէտք է պատրաստ ըլլաս ամէն պահու մտնելու խորքային քննարկումներու մէջ, եթէ աշխարհաքաղաքական շահերը այդ հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած են», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ Հայաստան նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը օր մը պիտի դառնայ աւելի լուրջ համագործակցութեան կառոյց, եւ Հայաստան պէտք է առաջնորդուի իր անմիջական շահերը պաշտպանելու տրամաբանութեամբ, հակառակ պարագային` որեւէ միութեան մէջ մտնելը ո՛չ ինքնանպատակ եղած է, ո՛չ ալ պարտաւորեցնող այնպիսի քայլ է, որ ամէն ինչ պէտք է կորսնցնենք` անդամակցելու համար որեւէ միութեան:
«Բոլորն ալ պէտք է հասկնան, որ ստիպել Հայաստանին, անդամակցութեան փաստը օգտագործելով, հրաժարելու իր կենսական նշանակութիւն ունեցող շահերէն ու նպատակներէն, ատիկա բացառուած է: Եթէ խիստ դրուի հարցը, անկախ այն բանէն` ինչ միութիւն է` Եւրոպական միութիւն է, թէ` Մաքսային միութիւն, եթէ պատրաստ են Ղարաբաղը ճանչնալ, մեր պայքարի ճշմարտացիութիւնը ճանչնալ, մենք կը մտնենք այդ միութեան մէջ», ըսաւ պատգամաւորը:

