Կիւլ. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Տակաւին Յոյս Կայ»

0106Gul«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Կիւլ նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանի նկատմամբ անկեղծ մօտեցում ունի եւ յիշեցուցած, որ ինք 2008-ին Հայաստան այցելած առաջին թուրք նախագահը եղած է:

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորման համար տակաւին յոյս կայ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը եւ անդրադարձած երկրի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` անցեալ ամիս «1915-ի դէպքերու յիշատակին հայերու թոռներուն ուղղած ցաւակցական ուղերձին»:

Կիւլ նշած է, որ 1915-ին Անատոլուի մէջ շատ ցաւալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են, եւ յիշեցուցած, որ Թուրքիոյ բոլոր արխիւները բաց են հետազօտութիւններու համար, սակայն խնդիրին լուծման համար ուժեղ կամք եւ երկխօսութիւն անհրաժեշտ է:

Share this Article
CATEGORIES