«ՖԻՏԷ»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Գաբրիէլ Սարգսեան Բարելաւեց Իր Դիրքը
Երէկ` կիրակի, 1 յունիսին, «ՖԻՏԷ»-ն հրապարակեց աշխարհի առաջին հարիւր ճատրակ խաղացողներուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ են Հայաստանի չորս ներկայացուցիչները:
Ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի յառաջատարը` Լեւոն Արոնեան, որ միայն կը զիջի աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընին:
Վերջերս, «Շիքակօ-օփըն» մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած ըլլալուն պատճառով, Գաբրիէլ Սարգսեան բարելաւելով իր դիրքը, բարձրացաւ 59-րդ դիրք (նախապէս` 61-րդ):
Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան մնացին իրենց նոյն դիրքերուն վրայ, յաջորդաբար` 69-րդ եւ 77-րդ:
CATEGORIES Մարզական

