2014-ի Մոնտիալ. Իտալացի Մոնթոլիվօ Պիտի Չմեկնի Պրազիլ

0106montolivo«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը տեղեկացնէ, որ իտալացի միջազգային միջնապահ Ռիքարտօ Մոնթոլիվօ, որ մաս կը կազմէ Ա. Սէ. Միլանի, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 2014-ի մոնտիալին:

29 տարեկան Մոնթոլիվօ պիտի չմեկնի Պրազիլ` նկատի ունենալով, որ ան Իտալիա – Իրլանտա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (0-0) ընթացքին վիրաւորուեցաւ:

Իտալիոյ բժիշկը` Էնրիքօ Քասթելացի ըսաւ, որ անոր կոտրած ոտքը ապաքինելու համար նուազագոյնը 2 ամսուան կարիք կայ:

 

Share this Article
CATEGORIES