Ճատրակ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերը Սկսան Պէյրութի Մէջ
Շաբաթ, 31 մայիսին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ սկսան Ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի 2-րդ խաղերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 9 յունիս:
Այս խաղերուն առաջին քարը շարժեց Ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի ֆետերասիոնին Պելճիքայի նախագահ Փաթրիք Վան Հոլանտթ` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոլան Ախրասի, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին` Շըհատէ Ապու Նըմրիի եւ Փղոսկրեայ ափունքի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իսուա Իսիսի:
Յիշատակութեան արժանի է այն, որ այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջազգային վարպետ, արաբական երկիրներու նախկին ախոյեան, լիբանանահայ Քնարիկ Մուրատեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր հեռու է միջազգային մրցաշարքերէն:
Այս խաղերուն գլխաւոր իրաւարարն է Չարլ Քէյլ, որ իրեն իբրեւ օգնական ունի Էլի Հուլիշեան եւ ուրիշներ:

