Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Փոքր հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, այլ մեղմ վերաբերումով կրնաք լուծումներ գտնել: Հարկ է իմաստութեամբ շարժիլ նման պահերու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տուած որոշումին համաձայն պիտի գտնուին ձեր գործակիցները, հետեւաբար պիտի կարենաք դիւրութեամբ իրագործել ձեր նպատակը, որ օգտակար է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մանրամասնութիւնները պրպտելը օգուտ մը կ՛ունենայ ձեր կատարած ուսումնասիրական աշխատանքին, բայց նոյն ատեն մնացէք չափաւոր, որպէսզի չյոգնիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ունի աշխատանքային եւ ընկերային պարտաւորութիւններ: Ջանացէք ներդաշնակել զանոնք` առանց վնասելու ոեւէ մէկուն: Ձեռնհաս եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը լաւագոյն ուսուցիչն է, որ կը սորվեցնէ պարզ դասերով ըմբռնելու կեանքին գաղտնիքները եւ խորհուրդները: Հետեւեցէք բնութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փորձուածը փորձելու ջանք մի՛ թափէք: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին, ան ճիշդ ուղղութիւնը պիտի տայ ձեզի եւ պիտի առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Հազար չափէ, մէկ կտրէ», կ՛ըսէ առածը, հետեւաբար հետեւեցէք այս իմաստութեան, աճապարանքով որոշում մի՛ տաք, համբերութեամբ որոշեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրուան կացութիւնը նպաստաւոր է որոշ գնումներ կատարելու: Մի՛ փորձէք սուղ գնումներ կատարել, որովհետեւ հաշիւը կրնայ համապատասխան չըլլալ ձեր քսակին: Խոհեմութիւնը անհրաժեշտ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ յաջողութիւն մը արձանագրէք, պարծանքով մի՛ արտայայտէք: Համեստութիւնը լաւագոյն շնորհն է, ջանացէք մնալ պարզ եւ սիրալիր ամէնուն հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արուեստի գործեր տեսնելու փափաք պիտի ունենաք, ձեր ընդհանուր զարգացման պիտի նպաստէ այս հանդիպումը, շարունակեցէք մնալ այս մթնոլորտին մէջ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երանութիւն մը պիտի զգաք` հետաքրքրական լուրեր լսելով արտասահմանի ձեր բարեկամներէն կամ հարազատներէն: Պատասխանեցէք շնորհակալիքով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ վհատիք թեթեւ ձախողութիւններու դիմաց: Քաջութիւնը նման պարագաներուն կը գօտեպնդէ ձեզ: Երեկոյեան ժամերուն կացութիւնը պիտի խաղաղի:

 

Share this Article
CATEGORIES