50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1964)

Ընկ. Վահան Պալեանի
Յուղարկաւորութիւնը

Յուղարկաւորներու ստուար բազմութիւն մը, բաղկացած` ընտանեկան պարագաներէ, ընկերներէ եւ բարեկամներէ, երէկ երկուշաբթի, կէսօրէ ետք, իր վերջին հանգստարանը առաջնորդեց հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր մը` Վահան Պալեանը:

Դագաղին մինչեւ գերեզմանատուն հետեւեցան շրջանի ազգային պատասխանատու անձնաւորութիւններ, կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ պետական երեսփոխաններ` Ժան Հարպ, զօր. Ժեմիլ Լահուտ, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան:

Տան կարգէն ետք մարմինը ձեռամբարձ բերուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան` իր կողքին ունենալով Եզնիկ վրդ. Բալայեանը եւ երեք քահանայ հայրեր: Արարողութենէն ետք սրբազան առաջնորդը խօսեցաւ կրօնաշունչ քարոզ մը` հոգիի անմահութեան եւ հանգուցեալի բարեմասնութեանց մասին` իր ցաւակցութիւնները յայտնելով ընկ. Վահանի պարագաներուն, ընկերներուն եւ սգակիրներուն:

Այնուհետեւ մարմինը նախ ձեռամբարձ, ապա ինքնաշարժներու թափօրով տարուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը, ուր թաղման կարգի արարողութենէն ետք խօսեցաւ Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեան, որ յուզումով յայտնեց, թէ տարիներով գործակիցը եղած է հանգուցեալին` Էշրեֆիէի թաղի հիմնումին եւ հանրային կեանքի կազմակերպման համար:

Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան վերին մարմինին եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ «Պալաքեան» կոմիտէին, սրտայոյզ դամբանական մը խօսեցաւ ընկ. Հայկազ Եափուճեան, որ մօտէն ճանչցած էր մեր ընկերը` 30-ական թուականներէն սկսեալ:

«Ընկ. Վահան Պալեան,- ըսաւ ընկ. Եափուճեան,- իր կարեւոր եւ անմոռանալի տեղը ունեցաւ մեր շրջանի հանրային, կուսակցական եւ կրթական կեանքի կազմակերպութեան մէջ` իբրեւ ազգասէր հայ, հաւատաւոր դաշնակցական եւ անձնուէր հանրային գործիչ: Պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ, ան ներկայ էր միշտ հոն, ուր գործ կար կատարելիք, ծրագիր մը յաջողցնելիք:

«Տէօրթ Եոլի զաւակ, տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները ճաշակած, եկած եւ հաստատուած էր Էշրեֆիէի բարձունքը, ուր իր ընտանեկան բոյնը կազմելէ ետք նուիրուեցաւ հանրային-կուսակցական անխոնջ աշխատանքի` հանդիսանալով մեր շրջանի ամէնէն վաստակաւոր ընկերներէն մէկը, որուն խորհուրդները եղան թանկագին, որուն փորձառութենէն օգտուեցանք միշտ»:

Ընկ. Եափուճեան շեշտեց հաւատաւոր եւ անձնուրաց դաշնակցականը ընկ. Վահանին մէջ: «Ծառայասէր եւ բոլորին օգնութեան հասնող մարդը եղաւ ան: Հասաւ թաղի բոլոր կարիքներուն` իբրեւ թաղապետ, իսկ պատերազմի շրջանին, իբրեւ պարենաւորման պատասխանատու` Էշրեֆիէի մէջ: Մասնաւորաբար այդ օրերուն թանկագին ծառայութիւններ մատուցեց իր հայրենակիցներուն` սիրուելով եւ յարգուելով բոլորէն»:

Եզրափակելով իր դամբանականը ընկ. Հայկազ Եափուճեան յայտնեց իր խոր հաւատքը, թէ պիտի գայ օրը, երբ անմուրազ մեկնող բոլոր ընկերներու յիշատակին յուշարձան մը պիտի կանգնենք մայր հայրենիքի մէջ:

Ապա կատարուեցաւ թաղումը եւ ընկերոջ ծաղիկներով ծածկուած թարմ հողակոյտին վրայ ընկերներ երգեցին իր այնքան սիրած «Վէրքելով լի» երգը` իբրեւ հրաժեշտի վերջին արտայայտութիւն:

 

«Վահան Նաւասարդեան» Ակումբին Բացումը

 

Անցած կիրակի, Պուրճ Համուտի մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ Նոր Ամանոսի «Վահան Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան ակումբին պաշտօնական բացումը:

Ակումբի մուտքն ու փողոցը դրօշազարդուած էր լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշակներով: Հոն էին շրջանի ընկերներն ու պատանիները:

Ակումբէն ներս, հրաւիրեալներու շարքին տեղ գրաւած էին տոքթ. Գ. Թապուրեան, որ կը փոխարինէր Մեթնի երեսփոխան Անտրէ Թապուրեանը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ, շրջանի ազգային մարմիններու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ երեւելի ազգայիններ:

«Նիկոլ Դուման» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Փայլունիի բացման խօսքէն ետք, օրուան նախագահ Տիգրան Ոսկունի իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց, թէ գաղափարական եւ ազգային դաստիարակութեան լաւագոյնս ծառայող ակումբներու շինութեան զարկ տրուած է վերջերս: Շուտով Պուրճ Համուտը պիտի օժտուի նաեւ շքեղ ու արդիական թատերասրահով մը: Շնորհաւորեց եւ քաջալերեց «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի ու «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան օգտաշատ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւններ մաղթեց:

Յ. Փայլունի խօսք առնելով` անդրադարձաւ ակումբի առաւելութիւններուն, անոր կատարած դերին, յատկապէս` պատանեկան միութիւններու համար:

«Ակումբները գաղափարական տաճարներ են», ըսաւ ան: Ապա գովքը հիւսեց Վահան Նաւասարդեանի, որուն անունով կը կոչուի Նոր Ամանոսի պատանեկան միութիւնը եւ արժանի էր, որ իրենց ակումբն ալ մկրտուէր մեծանուն ընկերոջ անունով:

Այնուհետեւ, բուռն ծափերու մէջ, Վահան Նաւասարդեանի մեծադիր նկարին վրայէն տոքթ. Գ. Թապուրեան վար առաւ քողը:

Պատանիներու վարիչ Սուրէն Զարմանեան բովանդակալից ուղերձ մը կարդաց:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES