Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան 2014-ի Աւարտական Հանդէս. «24 Ապրիլ 2015 Թուականին Լիբանանի Կաթողիկէ Դպրոցները Եւս Փակ Կը Մնան` Յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Յիշատակը» Կ՛ըսէ Հայր Պութրոս Ազար
Ուսումնական տարեշրջան մը եւս հասաւ իր աւարտին: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը հունձք մը եւս յանձնեց կրթական աւելի բարձր հաստատութիւններու:
Առ այդ, ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ հայր Պութրոս Ազարի:
Հանդիսութիւնը սկսաւ աւարտական դասարանի երեք բաժանմունքներու` ընկերա-տնտեսական, կենսաբանական եւ ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքներու 23 շրջանաւարտներու մուտքով: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր, չորս լեզուներով արտասանուած ուղերձներուն կողքին, շրջանաւարտներու պար «Pop Eye Joe», անոնց խմբերգները` արաբերէն լեզուով «Թալլու հպապնա» եւ հայերէնով «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» երգով, որուն ընթացքին անոնք հպարտութեամբ պարզեցին հայկական փառապանծ դրօշը, փոքրերու պարախումբին գաւառական պարը, Անթոնի Ղըրայէպի եւ Յակոբ Փամպուքճեանի կատարողութեամբ կիթառի նուագակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն` մօր նուիրուած խմբային ասմունքը, որուն աւարտին անոնք իրենց ձեռքի վարդերը նուիրեցին իրենց թանկագին մայրերուն, իսկ հայրերուն` գնահատանքի յուշատախտակ:
Հայերէնով ուղերձին մէջ Մեղրի Ճիլաքեան յիշեց, թէ «դպրոցական կեանքը կը սկսինք լալով, որովհետեւ կը հեռանանք մեր տան ու ծնողական ջերմութենէն, եւ կ՛աւարտենք նոյնպէս արցունքով` ուրախութեան եւ յուզումի արցունքով»: Ան շեշտեց, որ դպրոցէն ներս իրենք օժտուեցան նախանձելի սկզբունքներով, շնորհիւ ուսուցիչներուն եւ կրթական այս հաստատութեան մէջ ծառայող բոլոր դաստիարակներուն, որոնց միշտ պիտի յիշեն երախտագիտութեամբ:
Արաբերէնով ուղերձին մէջ Մարալ Թորոսեան խօսեցաւ բաժանումի այս պահին մասին, երբ այլեւս իրենք միասնաբար պիտի չնստին այս գրասեղաններուն վրայ: Այս գրասեղանները, որոնք ականատես եղած են իրենց ուրախութեան, տխրութեան, ձախողութեան եւ յաջողութեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք առաքեալներ են` նուիրումի, զոհողութեան եւ գուրգուրանքի:
Անգլերէնով ուղերձ կարդաց Քրիսթ Լթըէյֆ, որ ըսաւ, թէ` «բոլորս անհամբեր կը սպասէինք աւարտական դասարան հասնելու եւ «ազատութեան» տիրանալու, բայց այսօր, երբ դէպի ետեւ կը նայինք վարժարանին մէջ մեր անցուցած տարիներուն, հոն կը գտնենք մեր կերտած բարեկամութիւնները, մեր ամբարած գիտելիքները եւ մեր յաջողութեան բանալիները»:
Ֆրանսերէնով ուղերձին մէջ Յակոբ Տէր Եղիայեան վերյիշեց զիրենք գիտելիքներով զինելու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն երախտաշատ առաքելութիւնը, իրենց նեցուկ կանգնած ծնողները եւ, առ այդ, բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:
Օրուան նախագահ հայր Պութրոս Ազար շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն` մեծ ջանք կը թափէ ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին: Ան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ, թէ` «այսօր կ՛աւարտէք Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը եւ կը պատսպարուիք այս խաչին հովանիին ներքոյ, որ պիտի շարունակէ մնալ կեանքի ծառը, որ լեցուն է բարիքներով եւ օրհնութիւններով»: Գերապատիւ հայրը մէջբերեց Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին խօսքը, որ երիտասարդները մղեց ըլլալու արշալոյսին պահակները եւ 3-րդ հազարամեակի սուրբերը, հետեւաբար, ան ըսաւ. «Մի՛ խաբուիք երեւոյթներէն, այլ գացէք էականին, որպէսզի ձեր ուռկանները ծովուն խորքը նետելով` որսաք իրականութիւնները, որոնք կը գոհացնեն միտքը եւ կը հանգստացնեն խիղճը»:
Տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկաները դիտեցին 2013-2014 կրթական տարեշրջանի աւարտին շրջանաւարտներուն հրաժեշտի պահերը, անոնց բաժանումը եւ վերջին զանգին հետ իրենց ուրախութեան եւ տխրութեան վայրկեանները:
Վարժարանի տնօրէնուհի Ռ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այսօր հրաժեշտի օր է, բայց օր է նաեւ ցնծութեան: Յառաջիկային դուք պիտի անցնիք ձեր կեանքի երկրորդ հանգրուանին, որ սկիզբն է նոր հորիզոններու եւ իրագործումներու: Այլեւս դուք պիտի ըլլաք ձեր ծրագիրներուն ճարտարապետը եւ նկարագրին կերտիչը: Այս նկարագիրը բացարձակ արտացոլացումն է ձեր ներքինին, հետեւաբար զայն դարձուցէք բիւրեղեայ` դէմ դնելով չարին ու խաւարին, մերժելով յոռի հրապուրիչ երեւոյթները, եւ փարեցէք լաւին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին, եղէք ուղղամիտ ու պարկեշտ, յամառ` ձեր աշխատասիրութեան մէջ եւ միշտ ձգտեցէք հասնելու գագաթին: Հաւատացէ՛ք, կը հասնիք, որովհետեւ կամենալը` կարենալ է»: Ան սրտի անհուն ուրախութեամբ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ մեր ձգտումներուն գոհացում տալու համար եւ ի տես աշակերտութեան թիւի յարաճուն յաւելումին` յառաջիկայ տարեշրջանին հանդիսաւոր կերպով բացումը պիտի կատարենք վարժարանին 4-րդ յարկին, որ առիթ պիտի տայ նաեւ իրականացնելու ակադեմական նորարարական ծրագիրներ, ինչպէս` ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (Special Education Department) եւ ամերիկեան ծրագրի բաժանմունք (American Program):
Ռ. Պոյաճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յուշանուէրով մը պատուեց հայր Պութրոս Ազարը, որուն ջանքերուն շնորհիւ յառաջիկայ տարուան ապրիլ 24-ին, երբ հայ ժողովուրդը պիտի նշէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակը, Լիբանանի տարածքին գործող 365 կաթողիկէ վարժարանները եւս այդ օր փակ պիտի պահեն իրենց դռները` զօրակցելով Հայկական հարցին, եւ յարգելու յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Աւարտական դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտները ստացան մրցանակներ` տրամադրուած «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ: Այնուհետեւ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը:
Յայտագրի աւարտին վարժարանին վահանը յանձնուեցաւ 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու, որպէսզի անոնք շարունակեն այս վարժարանին գոյերթը ապահովել եւ տարուէ տարի մեր մտաւոր զարգացման պաշտպան հանդիսացող վահանը իրենց կարգին փոխանցել գալիք սերունդներուն:
Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները ուղղուեցան դէպի դպրոցին շրջափակը, ուր շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հրավառութիւն:

