Սուրիական Օրագրութիւն 50
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
…Իսկ իմ երգը… դուք չէ՞ք լսում, թէ ինչպէս
«Իմ հայրենի՜ք, իմ հայրենի՜ք», հառաչում է աղեկէզ:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Երբեմն ալ կը ծաղրուիմ ու նոյնիսկ կը մեղադրուիմ Հայաստանը սիրելուս համար (գոնէ կարող ըլլայի անոր գործնական օգուտ մը տալ): Չե՛մ յոխորտար, հայրենիք սիրելը պարկեշտ մարդու առաջին գիտակցուած զգացումն է: Ուրիշներու հոգիները չեմ պրպտած, բայց գիտեմ, թէ շատ աւելի այրուող հոգիներ կան, քան իմս, բայց… գիտեմ նաեւ իմ հոգիս:
– Բարեկամիս աներձագը Հայաստանէն վիզա գներ ու Եւրոպա գացեր է: Հինգ հազար եւրօ: Ճամբան ցամաքով մէկ շաբաթ կը տեւէ,- իր ալ երթալու փափաքը կը բարձրաձայնէ ծանօթս:
– Առանձի՞ն:
– Չէ՛, հինգ հոգի են, 25 հազար դրած է:
Հինգ հոգի եւս պակսեցան Հայաստանէն, կը խորհիմ ու կ՛ըսեմ հայ ծանօթիս.
– Այդքանը դրամը եթէ Հայաստանի մէջ գործի կապէր…
Ան մէկէն կը պոռայ.
– Ի՜նչ գործ, երկու օրէն այդ դրամը կը չորնար:
– Ըսենք` պզտիկ խանութ մը…,- դեռ կը շարունակեմ:
– Դուն ալ` ի՞նչ Հայաստանին սիրահարած ես, քու չգիտցած բանը կը խօսիս,- կ՛որոտայ ան,- հոն մաֆիա է, բան մըն ալ չի կրնար ընել, դրամը կը հալի:
Այդ հարուածէն շշմեցայ: Լռեցի: Այն, որ Հայաստանի մէջ «պզտիկ ձուկերուն» դրամները «շանաձուկերը» կրնան հալեցնել, բազմիցս հաստատուած իրողութիւն է, այդ չէր զիս ցաւցնողը: Գիտէի նաեւ, թէ Հայաստանը իրեն շատ բան չ՛ըսեր ու իր երազը այլ երկիր է: Լռեցի վախկոտաբար, քանի որ գժտութիւն կրնար ծագիլ` այս օրերուն, երբ, թէեւ զիրար դժուար կը հանդուրժենք, սակայն առանց իրարու սատարին ալ չենք տոկար:
Նոյն օրը այլ տեղ Լոռիի բնութեան գեղեցկութեան երբ անդրադարձայ, աղջիկ մը ըսաւ.
– Մենք Հայաստանը շատ կը սիրենք, պապաս կ՛ուզէր հոն գործ գտնել, որ երթանք, բայց երբ կը լսենք, թէ ուրիշներ ձախողեր են…
Առտուան մեղադրանքը արթնցաւ. փորձեցի այս անուշիկ աղջկան հասկցնել, թէ սէրը զոհողութիւն կ՛ենթադրէ, մանաւանդ` մեր հայրենիքին հանդէպ սէրը: Մեր հայրենիքը առնող է ու ոչ` տուող, բայց… ուրիշը չունինք:
– Բայց մենք իրա՜ւ կը սիրենք Հայաստանը, եթէ լաւ ըլլար…,- կը կրկնէր ան բազմիցս լսուած այդ խօսքը` «եթէ լաւ ըլլա՜ր…»:
– Ես ձեր դատաւորը չեմ, սիրելի՛ս, ոչ ալ խոստովանեցնողը, բայց սէրը «եթէ» չի վերցնէր, պայմանականութիւն չի վերցներ: Եթէ կատարեալ ըլլար, օտարներն ալ հոն կը ձգտէին: Իսկ մեր շատերուս սէրը խօսքէն անդին չ՛անցնիր, մենք աւելի ազգասէր ենք, քան` հայրենասէր:
Զգացի, որ տաքցայ ու Հայաստանի համար բան մը ընելու անկարողութեանս մէջ` զայն ուրիշներէ կը սպասեմ: Հայաստանի ալ անկարողութի՞ւնը, թէ՞ անկամեցողութիւնը այս բուռ մը ժողովուրդը իր գիրկը առնելու` առաւել կը խռովէ զիս: Ելայ` բացակայ մեղաւորներու ու ինքս ինծի հետ խօսելով` «Այս գաղջ սիրով մենք հայրենիք չենք կրնար պահել»:
«Դուն ալ` ի՞նչ սիրահարած ես Հայաստանին», յաճախ այս միտքը կը կարդամ գործնական հայու աչքերու մէջ` ներողամիտ հեգնանքի հետ խառնուած, կարծես ամէն հայ պարտաւոր ըլլար Ամերիկա՛ն սիրել ու երազել, կամ այսօր ալ` Հոլանտան ու Շուէտը…
Մինչ ես ալ, անկարող գէթ բանով մը օգտակար ըլլալու երկրիս, կը մնամ խօսքի սահմաններու մէջ միայն…
****
«Մի՞թէ մեղք գործած կ՛ըլլայի, եթէ եղբայրաբար վշտակցէի ձեզի…»:
Ֆ. Տոսթոյեւսքի
Այս օրերուն, երբ Հալէպի բնակչութիւնը, փարախէ զրկուած հօտի պէս կը ցրուի աշխարհով մէկ, մենք, բնականօրէն, մեր զաւակներու ճակատագրով մտահոգ ենք: Ոչ ոք կրնաս մեղադրել մահուան հետ ամէն օր հանդիպումէ փախուստ տալուն համար, ոչ ոք կրնաս բռնել- պահել հոս` ի սէր գաղութի ապագային, գաղութ, որ, ներեցէք եթէ յիշեցնեմ, այլեւս գրեթէ միակն է (ի բացառեալ Պէյրութը), ուր հայերէնը տակաւին նոր սերունդին ալ քով գերադաս է տեղական լեզուէն: Արեւմտահայերէնի պահապանները ցրիւ կու գան աշխարհով մէկ եւ, բնականօրէն, ցրիւ կու գայ ու փոշիացումի կը դատապարտուին նաեւ լեզուն ու այլ բաներ…
Լեզուն, որով գրեցի` երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Այսպէս կը մրմնջէր Թէքէեան տակաւին սփիւռքի վաղորդայնին: Ու այս մտահոգութիւնը կրելով, ես, որ անարժանաբար հայերէնի ուսուցիչ եմ, ինչպէ՞ս չյուզուիմ արցունքի աստիճանի կարդալով այս երդում-նամակը, զոր ինծի կը գրէ Շուէտ գաղթած մէկ աշակերտս` հայր ու մայրով զտարիւն արա՛բ պատանի, որ ինքզինք հայերուս «մենք»-ին մէջ կը տեսնէ, այն պարագային, երբ շատ հայեր կը ջանան թօթափել այդ «մենքը»: Որքա՜ն պիտի ուզէի անոր նմանները շատ ըլլային հա՛յ տղոց մէջ, գէթ` անոր այս տողերը (հատուածաբար մէջբերուած) կարդացողներ.
«Ինչպէս կը յիշէք, այսօր ապրիլ 24 է, երբ Օսմանեան կայսրութեան հողին վրայ ցեղասպանութիւն եղաւ: Ան Ցեղասպանութիւն կոչուեցաւ եւ միշտ ալ պիտի կոչուի, քանի որ նորն ալ, ոչ պակաս զօրաւոր, կը կատարուի այսօր ու ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ ու ապրիլ այնպէս, կարծես այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցած չըլլային:
«Թուրք թշնամին կրցաւ երկու անգամ խաբել մեզ, ըլլայ Հայաստանի օրերուն, եւ ահա՛, այսօր ալ Սուրիոյ պատերազմին: Բայց դեռ ժամանակը չեղա՞ւ, որ մենք` որպէս սուրիացի ու սուրիահայ, կեցնենք այդ թոյլ ու տկար թշնամին, որ միշտ դաւաճանութեամբ պատերազմներ կը յաղթէ:
«Երկու անգամը քի՞չ է մարդու մը համար, որ արթննայ…
«Մէկ ու կէս միլիոնը քի՞չ է…
«Չեմ կարծեր:
«Հակառակ ասոր` կը կասկածիմ եւ կը մտածեմ, թէ մենք մինչեւ այսօր, որպէս հայ ժողովուրդ, ուրկէ՞ մեր կարողութիւնը կը ստանանք, որ դեռ կրնանք «թուրք» բառը հնչել մեր լեզուով:
«Բացի ասկէ` այն թշնամին, որ քու մեծ հայրդ սպաննեց ու իմ մեծ հայրս այրեց, մեր վրէժէն կը սարսափի՞, թէ՞ կ՛ուրախանայ, երբ կը տեսնէ, թէ իր երգերը կը լսենք ու իր հեռատեսիլը կը դիտենք:
«Խօսքս յստակ կը դառնայ, երբ միայն յիշենք, թէ հայ ժողովուրդը այս ցեղասպանութեամբ կորսնցուց իր մեծագոյն հարստութիւնը` գրողներ ու հանճարներ` Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Զարդարեան եւ ուրիշներ, որոնց նմանները ունենալը որեւէ ազգի հպարտութիւն պիտի տար:
«Իսկ մենք դժբախտաբար կ՛ուրախանանք, որ ապրիլ 24-ը արձակուրդային օր է:
«Ափսո՛ս:
«Մեզի համար այլեւս կարեւորը պիտի չըլլայ, թէ ո՛ր երկիրը կ՛ընդունի Ցեղասպանութիւնը. կարեւորը` մենք չուրանանք զմեզ… որովհետեւ եթէ մենք մոռցանք, ալ ի՞նչ շահ` ուրիշ երկիրներէ եւ ժողովուրդներէ:
«Ապրիլ 24, պիտի չմոռնա՛նք ձեզ:
«Ճիշդ է որ ես հիմա դուրս եմ իմ երկու հայրենիքներուս հողէն, սփի՛ւռք, հայրենիքիս պտուղը չեմ վայելեր ու ջուրը չեմ խմեր, բայց կը սխալի այն մարդը, որ կը կարծէ թէ հոգիս հոն չէ, ե՛ւ լեզուս, ե՛ւ միտքս Կրթասիրաց վարժարանին չէ:
«Կը վերջացնեմ գիրս` մաղթելով, որ ամէն անձ իր հողին վրայ դառնայ ու խաղաղութիւն տարածուի երկու հայրենիքներուս` Հայաստանի ու Սուրիոյ հողերուն վրայ, եւ Աստուած ու լուսին լուսաւորեն անոնց շիրիմները, որոնք զոհուեցան Ապրիլեան եղեռնին ու Սուրիոյ պատերազմին:
«Մա՛յր Լալա, բարեւ ձեզի,
«Կ՛ուզէի, որ այս նամակս կարդայիք բոլոր ընկերներուս առջեւ:
«Կ՛ուզեմ ըսել, որ եթէ բոլոր մարդիկ իրենց հայութիւնը մոռնան, ես հայութիւնը չեմ մոռնար եւ հաւատացէ՛ք ինծի, որ հիմա գիտցայ կեանքին արժէքը: Շնորհակալութիւն ամէն պզտիկ ուղղումին` բերանացի կամ գրաւոր, որ դուք ըրիք ինծի եւ ամէն պարզ նախադասութեան, որ իմ կեանքիս ազդեց ու իմ բառերուն»:
Շնորհակալութի՛ւն
Թումա Ալ Նահի»
………………………………………………………………………………………………………………………………
Այսօր հայ մը անկեղծօրէն ուրախացաւ, երբ լսեց, թէ Էրտողանը սուրիահայերուն թրքական անձնագիր պիտի բաշխէ… վազեցէ՛ք, առէ՛ք նշխարի պէս…
Օ,՜ ժամանակներ, օ՜, բարքեր…
Օ՜, նսեմութիւն մարդկային…
***
Էլ ինչո՞ւ ես քարը թողնում քարի վրայ, քա՛ր աշխարհ:
Աւ. Իսահակեան
Աշխարհը այլեւս իր հայեացքը ուղղած է դէպի Ուքրանիա, ուր իր կտրիճութեան հերթական փորձը կ՛ընէ Օպաման` աջակցութեամբը իր ոտքերուն փաթթուած քանի մը …ներու: Հիմա ալ ուքրանացի ժողովուրդի արեան բոյրով կը գինովնան:
…Մինչ ասդին` ամրոց գրաւելու միջնադարեան միջոցները կը շարունակուին. Հալէպը պաշարուած է ու արդէն տասնեակ օր զրկուած` ջուրէ…
Քաղաքակիրթ աշխարհը կը դիտէ ու կը սպասէ, թէ որո՛ւ համար վեր հանէ բութամատը…

