Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Դ.)

ՎՐԷԺ – ԱՐՄԷՆ

– Կրթական

Կազմակերպական ոլորտին սերտօրէն առնչուած, անմիջապէս անկէ ետք եկող, բայց ոչ նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտը կրթականն է: Ծրագրումը այստեղ աւելի քան կենսական է, յատկապէս` երկարաժամկէտ ծրագրումը, որ կը կարօտի ամէնէն լուրջ մօտեցման:

Արդարեւ, որեւէ գաղթօճախ  գաղթօճախ չէ, օճա՛խ չէ, եթէ չէ օժտուած իր կրթական յարկերով: Վարժարաններն են որեւէ համայնքի շարունակականութեան ապահովման գրաւականը: Կրթական յարկեր, վարժարաններ ըսելով` անշուշտ պիտի հասկնանք նոր սերունդ, պիտի հասկնանք նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւն: Այս հասկացողութեամբ ալ պիտի տեսնենք, որ եթէ մեր վարժարանները առանցքը կը հանդիսանան այդ դաստիարակութեան, անոնք սակայն առանձինն չէ, որ պիտի կարենան զայն ի կատար ածել, եթէ իրենց շուրջ համախմբուած չըլլայ, իրենց զօրավիգ չկանգնի ամբողջ համայնքը` սկսեալ ծնողներէն ու մեծ ծնողներէն մինչեւ պատանեկան, երիտասարդական, ուսանողական, մարմնակրթական, մշակութային, բարեսիրական ու ընկերային բոլոր կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, եկեղեցիները: Այլեւ քարոզչական միջոցները` մամուլը, պատկերասփիւռն ու ձայնասփիւռը, ընկերային կայքերն ու մասամբ նորին: Այո՛, դաստիարակութիւնը հաւաքական ճիգ է, հայեցի՛ դաստիարակութիւնը` առաւե՛լ:

Արդ, ի՞նչ ծրագրումի մասին է խօսքը: Ի վերջոյ, ծրագրել` կը նշանակէ չափով մը նախատեսել, կանխատեսել:

Առաջին հարցը, որ մենք մեզի պիտի տանք, հետեւեալն է. որքանո՞վ կը հասնինք մեր համայնքի նոր սերունդին կրթութեան ու մանաւանդ հայեցի կրթութեան կարիքներուն: Կ՛ընե՞նք մեր կարելին, մեր լաւագո՛յնը` հայթայթելու համար բարձրորակ ուսում ու նոյնքան ալ բարձրորակ հայեցի կրթութիւն, անշուշտ գիտակցելով, որ այդ երկուքը իրարմէ չեն անջատուիր, այլ զիրար կը լրացնեն: Եթէ ոչ` ի՞նչ կ՛ընենք հասնելու համար այդ ցանկալի մակարդակին, եթէ այո` ի՞նչ կ՛ընենք պահելու եւ գերազանցելու համար այդ մակարդակը:

Ի՞նչ կ՛ընենք կանխելու համար տագնապը, որ պիտի յառաջանայ, կամ արդէն իսկ կը զգացուի հայերէնի որակաւոր ու մանկավարժ ուսուցիչներու պակասին պատճառով: Ի՞նչ ձեւով կը քաջալերենք, որ նոր ուսուցիչները հմտանան իրենց դասաւանդելիք հայկական նիւթերուն մէջ (լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ):

Ի՞նչ կ՛ընենք ապահովելու համար մեր ժամանակներուն պատշաճող դասագիրքերն ու այլ դաստիարակչական միջոցները` օգտուելու համար արդի գիտարուեստի ընծայած կարելիութիւններէն:

Ապա, արդեօ՞ք համայնքի իւրաքանչիւր տան իւրաքանչիւր զաւակը կ՛օգտուի մեր կրթարաններու փրկարար ներկայութենէն, եւ եթէ ոչ` ի՞նչ միջոցներու կը դիմենք, որ այդ այդպէ՛ս ըլլայ, ոեւէ հայորդի հայ դպրոցէն դուրս չմնայ: Կ՛ուսումնասիրե՞նք պատճառները, եթէ ոմանք դուրս կը մնան: Ի՞նչ կ՛ընենք մեր համայնքի անդամները մղելու, որ բնակին հայ դպրոցի հասողութեան սահմաններուն մէջ, կամ հայ դպրոցը հասցնելու իրենց բնակած հայաշատ թաղերը կամ քաղաքամասերը, այսինքն` վարժարանի նոր մասնաճիւղեր ստեղծելով այդ վայրերուն մէջ:

Կամ, ի՞նչ կ՛ընենք, որ ծնողները նախանձախնդիր ըլլան հայեցի դաստիարակութիւն տալու իրենց զաւակներուն: Նկատի կ՛առնե՞նք համաճարակի վերածուած խառն ամուսնութիւններու պարագան, ու կ՛աշխատի՞նք, որ այդ կիսով հայ, երբեմն արդէն քառորդով հայ ընտանիքներն ալ չվարանին հա՛յ մեծցնելու իրենց զաւակները: Կ՛օգնե՞նք ոչ հայախօս կամ ոչ հայածին ծնողներուն, որ իրենց զաւակներուն յաւելեալ սպասարկութիւններ հայթայթուին` մեղմացնելու համար հայախօսութեան կամ հայեցի գիտութեան պակասը ծնողներուն մօտ:

Տակաւին, ինչպէ՞ս կը հրահրենք հայ վարժարաններու միջեւ համագործակցութիւնը` վերոյիշեալ հարցերը միասնաբար քննարկելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու, հարցերը բարւոք կերպով լուծելու համար. օրինակ` անհրաժեշտ կարգ մը մասնագէտներ միասնաբար պաշտօնի կոչելու համար: Կամ` աշակերտութեան միջեւ հանդիպումներ կազմակերպելու, միասին ելոյթներ ունենալու, դաստիարակչական այցելութիւններ կազմակերպելու, նոյնիսկ հայաստանագնացութիւնը միասին կազմակերպելու համար, այս ձեւով քաջալերելով, որ տարբեր դպրոցներու աշակերտները իրարու ծանօթանան` իրենց ընկերական շրջանակը ընդլայնելու եւ հետագայ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար:

Հարցումները հռետորական ձեւով չեմ դներ թերացումներ մատնանշելու համար, այլ պարզապէս` հարցերը վերստին արծարծելու ու անոնց նկատմամբ ուշադրութիւնը վառ պահելու համար: Վստահաբար այս բոլորը պատկան մարմիններուն ու պատասխանատուներուն օրակարգերուն վրայ են:

Բայց այս բոլորը կրնան մաս կազմել գաղութի զարգացման համապարփակ ծրագրի մը, որ երկար ժամկէտով իրագործելի պիտի ըլլայ եւ ունենայ իր հանգրուանները, քայլ առ քայլ իրագործելի նպատակէտերը:

Կրկնեմ. այդ նպատակակէտերու իրագործման մէջ դերակատար պիտի ըլլան ոչ միայն կրթական հաստատութիւնները, այլ` բոլո՛ր կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները, ո՛չ քովնտի կերպով, ո՛չ լրացուցիչ հանգամանքով, այլ` անմիջական կերպով, ամբողջական մասնակցութեամբ մաս կազմելով զարգացման ընդհանուր եւ համապարփակ ծրագրին:

Անոնց բոլորին գործունէութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց աշխատանքի մարզը, ուղղուած պիտի ըլլայ նոր սերունդի ներգրաւման, նոր սերունդի հայացման, նոր սերունդի կրթութեա՛ն` մեր գոյամարտի ջահը անոր փոխանցելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES