Յոյներու Ցեղասպանութեան Մասին Հայերէնով Առաջին Հրատարակութիւնը

Լոյս տեսաւ Թէոֆանիս Մալքիտիսի Յոյներու ցեղասպանութիւնը (Թրակիա-Փոքր Ասիա-Պոնտոս) գիրքը
Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող յոյներու խճանկարը կազմող այլազան հարցերուն կարեւորութիւն կը տրուի բազմաթիւ, յատկապէս նոր սերունդին պատկանող կողմնակիցներու կողմէ:
Այդ խճանկարը սկսաւ քանդուիլ 20-րդ դարու սկիզբին եւ ամբողջացաւ 1922-1923 թուականին:
Գաղթականներու զաւակ` 3-րդ եւ 4-րդ սերունդի պատկանող երիտասարդներ չեն սահմանափակուիր ծանօթ իրողութիւններու գիտակցութեամբ միայն, ոչ ալ կայացած մօտեցումներ կ՛որդեգրեն: Անոնց համար ծագում կը նշանակէ` մշակոյթ, թատրոն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, խոհանոց, հնամեայ յունական, բիւզանդական եւ արդի հելլենական մշակոյթ, կրթութիւն, ցեղասպանութիւն:
Միջազգային գետնի վրայ այս հարցերուն արծարծումը կը բանայ անոնց պատմութեան, մշակոյթին ու ծագման վերատիրացման ուղին` միաժամանակ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող համաշխարհային շարժման մէջ առնելով:
Հետեւաբար, ցեղասպանութեան հետ կապուած պատմական փաստերէն անդին, որոնց շուրջ վերջերս կը ծաւալին բուռն հարցադրումներ, նոյնիսկ` ժխտում հանդիսադրող քննարկումներ, գիրքը կ՛անդրադառնայ օսմանեան պետութեան մէջ ապրող յոյներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան պատճառներուն:
Հայերէնով հրատարակուած առաջին այս գիրքը կը նպատակադրէ երիտթուրքերու եւ քեմալականներու կողմէ յոյներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրին բացայայտումը` նշանակալի ներդրում բերելով յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
Գիրքին հայերէնով հրատարակումը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ, նոյն դահիճին կողմէ զոհուած միլիոնաւոր հայերու լեզուով կարդալու համար յոյներու ցեղասպանութեան մասին: Հայերու եւ յոյներու միջեւ կիսուած 20-րդ դարու սկիզբի մահուան երթը այսօր պահանջատիրական պայքարի միջոցով, կը դառնայ արդարացման եւ յարութեան ճանապարհ:
Ներկայ պահուն, երբ այլ ազգեր նոր ցեղասպանութիւններու կ՛ենթարկուին, անհրաժեշտ է առաջին քայլը կատարել` յոյներու ցեղասպանութեան յանցանքը ճանչնալու համար: Յոյները իրաւունք ունին յամառօրէն պահանջելու ցեղասպանութեան ճանաչումը, պահանջելու իրենց դէմ կատարուած ոճրագործութիւններու եւ անարդարութիւններու ճանաչումը: Աւելի՛ն. որքան մեծ է գործուած անարդարութիւնը, երբ յոյներու աւելի քան 50 առ հարիւրը սպաննուեցաւ, որքան աւելի ժամանակ թաքցուեցան փաստերը, այնքան աւելի ուժեղ կը դառնայ ճանաչումը ապահովելու ձգտումը:
Ճանաչում, որ ինքնին պայքարի կարեւոր միջոց է` ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան:
Ճանաչում, որ հաստատումն է յոյն ժողովուրդի իրաւունքի հաստատման` յարգելու իր գոյութիւնը միջազգային օրէնքի եւ պատմական ճշմարտութեան համաձայն:
Թէոֆանիս Մալքիտիսի գիրքին խորագիրն է` «Յոյներու ցեղասպանութիւնը (Թրակիա-Փոքր Ասիա-Պոնտոս)» եւ թարգմանութիւնը կատարած է Թեհմինէ Մարտոյեան (Հայոց ցեղասպանութեան պետական թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող): Հրատարակուած է Երեւան, մայիս 2014-ին:
Կենսագրական
Թէոֆանիս Մալքիտիս ծնած է Ալեքսանտրապոլիս, Ատրիանապոլսէն գաղթական հասած ծնողքէ, որոնք Յունաստան հաստատուեցան ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք: Ան ունի ընկերային գիտութիւններու դոկտորի աստիճան եւ անդամ է Ցեղասպանութիւններու հետազօտման միջազգային ակադեմիային, որ 2007-ին ճանչցաւ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները:
Փրոֆեսէօրը հանդէս եկած է ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատանքներով` Յունաստանի եւ արտասահմանի գիտական հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու մէջ: Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ճանաչման գործընթացին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար պատուուած է Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ:
Թէոֆանիս Մալքիտիսի գրութիւնները թարգմանուած են` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն, ռուսերէն, թրքերէն, ռումաներէն, ալպաներէն լեզուներով: Ինք իր կարգին յունարէնի թարգմանած է հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեանց վերաբերող գիրքեր:

