Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Պապական Նուիրակին Հետ

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Ռայի պատրիարքը
Երկուշաբթի, 2 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վատիկան մեկնելէ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Պատրիարքը ողջունեց վեհափառին այցելութիւնը Վատիկան` շեշտելով անոր ձգելիք դրական արձագանգը Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնէութեան կեանքին մէջ: Պատրիարքը նաեւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր տպաւորութիւնը եւ արժեւորումը սրբազան քահանայապետին Երուսաղէմ կատարած այցելութեան գծով: Ինչպէս ծանօթ է, Ռայի պատրիարք ընկերակցած էր Ֆրանչիսկոս պապին, Երուսաղէմ տուած իր այցելութեան ընթացքին:
Ապա, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին ու Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ կարտինալ Կապրիէլ Քաչիայի միջեւ: Անոնք քննարկեցին վեհափառին Վատիկան կատարելիք այցելութեան ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն վեհափառին կողքին ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

