ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբի Մանկապատանեկան Համոյթի Ելոյթները
Մանուկներու միջազգային տօնին առիթով ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի մանկապատանեկան համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Գայեանէ Մածունեան), Ժտէյտէի «Լա Սաժես» դպրոցին մէջ ելոյթ ունեցաւ շաբաթ, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին եւ կիրակի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ:
Ողջոյնի խօսքին մէջ Սարմէ Մինասեան շնորհաւորեց բոլոր մանուկները իրենց միջազգային տօնին առիթով` անոնց մաղթելով ուրախ մանկութիւն եւ կանաչ ճանապարհ:
Հանդէսի առաջին բաժինը սկսաւ «Ծաղկաձոր» եւ «Պինկէօլ» պարերով, ապա ներկայացուեցան «Թիթեռնիկներ», «Չոպանի շունը» «Սարերի հովին մեռնեմ», «Շարանի», «Քեռին եկաւ»,«Վարդագոյն աղջիկներու պար» եւ վերջապէս «Արաբական տապքէ»: Յատուկ պէտք է նշել, որ Կոմիտասի «Կախարդուած ծաղիկներ», «Երկինքը ամպելա» եւ «Չինարի ես» երգերուն երաժտութեան հետ փոքրիկներու պարային շարժումներու ներդաշնակութիւնը տարբեր ներգործութիւն ունեցաւ հանդիսատեսի ներաշխարին վրայ:
Հանդէսի երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան «Նանափապուռի», «Ջուր կ՛ուզէր» «Ձնծաղիկներ», «Կարնոյ քոչարի», «Հայաստանի աղջիկներ», «Հմայակ» պարերը: Բեմականացուեցան «Պույ-պույ մկնիկ» պարը եւ «Եարխուշտա»-ն:
40 անդամներէ բաղկացած մանկապատանեկան պարախումբը ներկայացուց 20 պարեր:
Վերջին` «Ղափամա» պարով հանդէս եկան պարախումբի բոլոր անդամները, որոնք գոյնզգոյն տեսարան մը ստեղծեցին:

