Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Արգելակէ «Հարաւային Հոսք»-Ը` Մինչեւ Ուքրանիոյ Նկատմամբ Ռուսիոյ Դիրքորոշումին Փոփոխութիւնը
«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնը Սոնթակսցայթունկ» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ «Հարաւային հոսք» կազի խողովակաշարի նախագիծը յառաջընթաց պիտի չունենայ, մինչեւ Ռուսիան չփոխէ Ուքրանիոյ քաղաքական ճգնաժամին նկատմամբ իր վերաբերմունքը:
«Մենք պիտի վերականգնենք բանակցութիւնները, երբ ռուսական կողմը դարձեալ սկսի պահպանել միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ պատրաստ ըլլայ կառուցողական համագործակցութեան` մեր ուժանիւթի օրէնսդրութեան հիման վրայ», նշած է Էթինկեր:
Ըստ անոր, «Ուքրանիոյ արեւելքը գրեթէ քաղաքացիական պատերազմի իրավիճակի մէջ է, եւ այն պարագային, երբ Մոսկուա չի ճանչնար Քիեւի կառավարութիւնը, մենք մեր բանակցութիւններուն մէջ վստահաբար ոչ մէկ բանի կրնանք հասնիլ»:
Էթինկեր նախապէս զգուշացուցած էր Մոսկուան Եւրոպայի հարաւ-արեւելքը «Հարաւային հոսք» խողովակաշարը կառուցելու «Կազփրոմ»-ի ծրագիրներուն վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման խստացման մասին:
«Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր իր կարգին յայտարարած էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը չի կրնար կանգնեցնել «Հարաւային հոսք» նախագիծի իրականացումը, եւ դեկտեմբեր 2015-ին ծովային հատուածով առաջին կազը պիտի հասցուի Պուլկարիա:
«Նաւթոկազ Ուքրանիա» Համաձայնագիրի
Նոր Պայմաններ Ներկայացուցած Է
«Կազփրոմ»-ին
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ «Նաւթոկազ Ուքրանիա» ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան լրացուցիչ համաձայնագիրի նախագիծ ներկայացուցած է` առաջարկելով փոխել համաձայնագիրին գինը, ծաւալը եւ բնական կազի մատակարարման պայմանները:
Կ՛առաջարկուի լրացումներ մտցնել 19 յունուար 2009-ին կնքուած համաձայնագիրին մէջ:
Ուքրանիա-Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք անցեալ շաբաթ կողմերը նախապատրաստած էին նոր ծրագիր մը, ըստ որուն «Նաւթոկազ»-ը պէտք է մասնակի կերպով մարէ կազի պարտքը` մինչեւ 29 մայիս:
Մոսկուան յայտարարած էր բանակցութիւնները շարունակելու իր պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսած էր Քիեւի համար հաւանական զեղչերու մասին, եթէ առաջին վճարումը կատարուի ժամանակին:
30 մայիսին Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր յայտարարած էր, որ ուքրանական պարտքին մէկ մասը վճարուած է: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը ստացած էր ռուսական կազի դիմաց «Նաւթոկազ»-ի կողմէ 786 միլիոն տոլարի փոխանցման փաստաթուղթերը:

